Պաքուի մէջ Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի դէմ դատական շինծու նիստին ընթացքին, վերջինիս փաստաբանը բողոք ներկայացուց դատարանի կազմին դէմ եւ իրաւացիօրէն յայտարարեց է, որ դատաւորները շահագրգռուած են Վարդանեանի քրէական հետապնդումով։ Այս մասին կը յայտնեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:
Բոլորովին Ալիեւի վարչակազմին ենթարկուող խամաճիկ դատարանը, ինչպէս արդէն կ՛ակնկալուէր, անտեսեց Վարդանեանի փաստաբանին բողոքը` զայն ձգելով առանց քննարկումի:
Միւս կողմէ, «Freedom Now» միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը կոչ ուղղեց Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն՝ անյապաղ ազատ արձակելու բոլոր ձերբակալուած լրագրողները:
«Այս շաբաթ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները ձերբակալած են Toplum YV հրատարակութեան լրագրող Շահնազ Պայլարկիզը եւ Arqument.az կայքի խմբագիր Շամշատ Աղուին: Առաւել քան 20 լրագրողներ արդէն բանտարկուած են շինծու մեղադրանքներով: Մենք կոչ կ՛ուղղենք Ալիեւին՝ անյապաղ ազատ արձակելու բոլորը», կ՛ըսուի կազմակերպութեան «Էքս»ի էջին վրայ, ինչպէս կը յայտնէ «Թուրան»ը։