10 Փետրուարին, Եւրոպացիները յանուն Արցախի միութիւնը 24 Յունուար 2025ին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Ցեղասպանութեան ժխտման յայտարարութիւններուն վերաբերեալ հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.
«Եւրոպացիները Յանուն Արցախ»ի հարթակը զարմացած եւ ցնցուած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին անընդունելի յայտարարութիւններէն: Այս յայտարարութիւնները, որոնք կասկածի կ՛ենթարկեն հաստատուած պատմական անհերքելի ճշմարտութիւններ եւ փաստեր, կ՛անարգեն Ցեղասպանութեան զոհերը եւ վերապրողներու ժառանգները: Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարը կ՛ընդգրկէ պատմաբաններու, քաղաքական գործիչներու, մարդասիրական կազմակերպութիուններու եւ հայ քաղաքացիներու տասնամեակներու վրայ շարունակական նուիրեալ աշխատանքներ եւ այս անընդունելի յայտարարութիւնները կը փորձեն դրժել այդ ջանքերը:
«Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարը ամուր արմատներ ունի գործունէութեան մէջ Եւրոպայի հայերուն, որոնց շնորհիւ Եւրոպայի երկիրներու մեծամասնութիւնը, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի խորհրդարանը ճանչցած են հայ ժողովուրդին դէմ կատարուած այդ մեծ յանցագործութիւնը:
«Իբրեւ եւրոպացիներ՝ վիրաւորական էր տեսնել, որ Հայաստանի վարչապետը կասկածի տակ կը դնէ այս յառաջընթացը, որուն համար Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Եւրոպայի հայութիւնը համագործակցած են տարիներ շարունակ:
«Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ջանքերը պէտք չէ ենթարկուին որեւէ ներքին կամ արտաքին քաղաքական դրդապատճառի:
«Քաղաքական նպատակներով այս ճակատամարտի կարգ մը երեւոյթները կասկածի տակ դնելը միայն կը նպաստէ մեր թշնամիներուն ապատեղեկատուական արշաւներուն, որոնք կը ձգտին աղաւաղել ճշմարտութիւնը:
«Արցախի ժողովուրդը ենթարկուած է Ցեղասպանութեան եւ ցեղային զտումի:
«Եւրոպացիները Յանուն Արցախի» հարթակը կը ձգտի միջազգային հարթակներու վրայ ապահովել մարդկութեան դէմ այս ոճիրին դատապարտման եւ պատասխանատուներուն պատժելիութեան:
«Պատասխանատուութիւն հաստատելը եւ Ցեղասպանութեան ճանաչումը անհրաժեշտ են արդար խաղաղութիւն հաստատելու համար։
«Ընդունուած վարկած է, որ՝ երբ ոճրագործը չ՛ընդունիր իր ոճիրը եւ չի զղջար իր գարշելի արարքին համար, միշտ կրնայ կրկնել այդ մէկը:
«Նոյնն է պարագան Թուրքիոյ հետ: Չ՛ընդունիր իր ոճիրը եւ չի զղջար: Ցեղասպանութեան կրկնութիւնը ապրեցան Արցախի մեր հայրենակիցները:
«Ցեղասպանութեան ուրացումը Թուրքիոյ կողմէ եւ անոր՝ Հայաստանի վարչապետին կողմէ ներկայիս հարցականի տակ դնելը լուրջ վտանգի կրնան ենթարկել Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութիւնը եւ ապագան»: