Տիեզերական եւ ընդհանրական իր սահմանումովն իսկ, ժողովրդավարութիւնը կը յատկորոշուի բարդ խաղականոններով։
Միապետութիւնը, բռնատիրութիւնը կամ ամբողջատիրութիւնը նման խնդիր չունին. պարզապէս իշխանութեան սանձերը մէկ ու միակ բուռի մէջ կեդրոնացնելու նպատակով կ՚առաջնորդուին եւ այդ ճամբուն վրայ յաջողութիւն ապահովող բոլոր միջոցները արդարանալի կը համարեն։
Մինչդեռ Ժողովրդավարութիւնը ճիշդ հակառակին՝ ողջ իշխանութիւնը ապակեդրոնացնելու եւ ժողովուրդին հասանելի դարձնելու առաջադրանքով կը պայմանաւորուի եւ, առ այդ, ամէն քայլափոխի տուեալ միջավայրի եւ ժամանակի պայմաններուն պատշաճելու հրամայականը կը դիմագրաւէ։ Համապատասխան օրինաչափութիւններ մշակելու այդ հարկադրանքն է, ահա՛, որ բարդութիւն կը մտցնէ ժողովրդավարութեան խաղականոններուն մէջ։
Արտասովոր չէ, հետեւաբար, որ երկրէ երկիր եւ ժողովուրդէ ժողովուրդ որոշակի տարբերակներով կը ներկայանան ժողովրդավարական գործընթացի խաղականոնները։ Մանաւանդ երբ բաղդատական կը կատարուի մէկ կողմէ ժողովրդավարական երկար ուղի կտրած, իսկ միւս կողմէ ժողովրդավարական ոչ մէկ փորձ ու աւանդութիւն ունեցող երկիրներու եւ ժողովուրդներու միջեւ։ Իսկ երբ խօսքը կը վերաբերի ժողովրդավարական ուրոյն կենսափորձ ունեցող, բայց պայմաններու բերմամբ երկար ժամանակ ժողովրդավարութենէ զրկուած ու այս կամ այն ձեւի ամբողջատիրութեան ենթարկուած ժողովուրդներու եւ ազգերու, այդ պարագային աւելիով կը շեշտուի ժողովրդավարական խաղականոններուն բարդութիւնը։
Հայաստանի Հանրապետութիւնը ըստ ամենայնի մաս կը կազմէ այս վերջիններու՝ ժողովրդավարական իրենց ուրոյն կենսակերպին վերադարձած պետութիւններու շարքին։ Աւելի՛ն. վերջին քսանամեակի իր հոլովոյթով՝ սկսելով հայ ազգային-ազատագրական պայքարի անթեղուած կրակին վերարծարծումով եւ անցնելով իր Հայաստանի Հանրապետութիւն վերանուանումէն ու համապատասխան պետական դրօշի, զինանշանի եւ հիմնի վերահաստատումէն, Հայաստան նաեւ կը պարզէ խօսուն եւ ուսանելի օրինակը այն բարդ խաղականոններուն, որոնց դէմ յանդիման կրնան կանգնիլ ազգային պետականութիւնները՝ իրենց երբեմնի անկախութիւնը վերականգնելու եւ ժողովրդավարական կառավարման իրենց անցեալի աւանդներուն վերադառնալու ճամբուն վրայ։
Այսօրինակ ենթախորք ունի 19 Փետրուար 2008ի վճռորոշ պահին մօտեցող ՀՀ նախագահական ընտրապայքարը։ Հետեւաբար, աւելի քան հասկնալի է, թէ ժողովրդավարական ընտրապայքարի ընդհանրական խաղականոնները ինչո՛ւ մեքենաբար ընդօրինակելի չեն, չե՛ն կրնար ըլլալ հայ իրականութեան պարագային։ Նոյն ենթախորքով իր բացատրութիւնը կը գտնէ նաեւ ու մանաւանդ ընտրապայքարին գլխաւոր հակասութիւնը, որ հայ ընտրազանգուածին հրամցուող կեղծ երկընտրանքն է տէր պետրոսեանական անցեալին եւ քոչարեան-սարգսեանական ներկային միջեւ։ Կեղծ երկընտրանք՝ որովհետեւ իրենց արատաւոր երեսներով ու սխալներով նմանութեան շատ եզրեր ունին այդ անցեալն ու ներկան։ Նաեւ անհեթեթ երկընտրանք՝ որովհետեւ վարկաբեկուած անցեալին նկատմամբ իր առաւելութիւնները գովազդելու համար, ներկան կարիքը չունի մութ ու ցուրտ տարիներու ուրուականին վերադարձի սպառնալիքով ընտրազանգուածը սարսափեցնելու. ներկայ իշխանութեանց, անոնց գործակից քաղաքական ուժերուն եւ նոյնինքն մեր ժողովուրդի հաւաքական ճիգերով նուաճուած ներկայի ձեռքբերումները ինքնին պերճախօս են եւ արժանի չեն այդ անցեալին հետ նոյնիսկ… բաղդատականի։
Մանաւանդ որ հաստատուած կուսակցութիւններու եւ անոնց նախագահական թեկնածուներուն միջեւ ընտրական մրցավազքի ընդհանրական խաղականոնը եւս մեքենաբար կիրարկելի չէ Հայաստանի պարագային։ Հայաստան հարց ունի անձնականացուած իշխանութեան երեւոյթին հետ, որուն կրնկակոխ կը հետեւի պետութեան քաղաքական, տնտեսական եւ ռազմական ողջ համակարգը ստուերային իշխանութեան ենթարկելու եւ մենատիրական ագարակի վերածելու վտանգը։ Այդպէ՛ս էր անցեալին՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի նախագահութեան օրով։ Այդպիսի՛ն կը մնայ, կարեւոր չափով, նաեւ այսօր, որովհետեւ արատաւոր այդ ժառանգութենէն չկրցաւ լիովին ձերբազատիլ 1998ի իշխանութեամբ պետական ղեկին տիրացած ուժը, որուն նախագահական թեկնածուն է Սերժ Սարգսեան։
Նոյն այդ պատճառով, նախագահական այս ընտրապայքարը եւս բռնուած է արդէն քանի անգամներ օգտագործուած հակաժողովրդավարական բեւեռացումի միեւնոյն աքցանին մէջ։ Աքցանին մէկ ատամը օրինական թէ ստուերային ուժի ամէն լծակ ի սպաս սեփական իշխանութեան վերարտադրման ծառայեցնելու կառավարող ճամբարի կամակորութիւնն է։ Իսկ աքցանին միւս ատամը ներկայ իշխանութիւններէն դժգոհ, բայց օրինական թէ ստուերային ուժի աղբիւրներ ու հնարաւորութիւններ ունեցող որոշ շրջանակներու զօրաշարժով այսպէս կոչուած «վարդերու յեղափոխութիւն» առաջացնելու տէր պետրոսեանական ճամբարի արմատականութիւնն է։ Ի՜նչ փոյթ, որ ինչպէս նախորդ ընտրութիւններուն, այս անգամ եւս նման աքցանի մէջ բռնուելով՝ ընտրազանգուածին իրա՛ւ ընտրանք կատարելու իրաւունքն ու հնարաւորութիւնը խեղդամահ կ՚ըլլան…
Կասկածէ վեր է, որ նախագահական իւրաքանչիւր ընտրապայքարի հետ, ժողովրդավարական հասունացման առումով, կարեւոր ճամբայ կը կտրէ մեր ժողովուրդը։ Նախորդ ընտրութեանց սխալները չկրկնելու բաւարար հիմք ունի այսօրուան ընտրազանգուածը։ Իշխանաւորի հրահանգին եւ ողորմածութեան, կամ կաշառողի քաղցրահամ խայծին անձնատուր դառնալէ առաջ, ընտրազանգուածը արդէն բաւարար փորձ ունի անդրադառնալու համար, որ վաճառուած քուէով չի կերտուիր վաղուան իր օրը։ Ինչպէս որ ամէն գնով իշխանափոխութիւն պահանջող ընտրազանգուածը իր կարգին անհրաժեշտ փորձը ունի, որպէսզի վաղուան իր բարօրութեան կերտումը պատանդ չդարձնէ յեղաշրջումներու քմայքին, անոնց ստուերի պէս հետեւող անկայունութեան։
Որոշապէս Դաշնակցութիւնը խոր համոզումը ունի, որ մեր ժողովուրդին լայն ընտրազանգուածը արդէն պատրաստ է ժողովրդավարական այդ ոստումին։ Պատրաստ է մղելու իր քուէն ամէն կարգի կաշկանդումներէ ազատագրելու պայքարը, որովհետեւ միայն ազատ քաղաքացիներու ազատագրեալ քուէներով կարելի է վաղուան օրը կերտել, բայց մանաւանդ տիրութիւն ընել սեփական ազգի, հայրենիքի ու պետականութեան ողջ իշխանութեան։
Ի վերջոյ Հայաստանի ներկային մէջ յամեցող արատներուն կարեւոր մասը ժառանգութիւնն է սեփական ժողովուրդէն խորթացած պետական իշխանութեան չարիքին։ Թէեւ Արցախի ազատագրութեան պայքարով, Հայաստանի վերանկախացումով եւ ժողովրդավարական կարգերու վերահաստատումով մեր ժողովուրդը պատմական շրջադարձ կատարեց, բայց տակաւին կարիքը ունի թռիչք առաջացնող ոստումի, որպէսզի կարենայ իր սպասումներուն, կարիքներուն եւ կամքին հարազատ մարմնաւորումը հանդիսացող իշխանութիւն հաստատել։
Այս առումով է, ահա՛, որ Դաշնակցութիւնը 19 Փետրուար 2008ի նախագահական ընտրութեանց կիզակէտը կը տեսնէ նոյնինքն պետական իշխանութիւնը սեփական ժողովուրդին վերադարձնելու ոստումին մէջ։