Զանգեզուրի պղնձամոլիբդենային գործարանի 2448 աշխատողներ աշխատավարձերու բարձրացում եւ աշխատանքային պայմաններու բարելաւում պահանջեցին:
Ըստ ընկերութեան պաշտօնական տուեալներուն՝ գործարանին մէջ կ՛աշխատին առաւել քան 4600 անձեր:
Ընկերութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամն ըլլալով քուէարկութիւն մը կազմակերպած եւ արդէն 4 օրերէ ի վեր գործադուլ կատարող աշխատողները այսպիսով կը փորձեն ապացուցել, որ տնօրէնութիւնը կը ստէ, երբ կը պնդէ, թէ աշխատողներուն ընդամէնը 7-8 տոկոսն է աշխատավարձի բարձրացում եւ աշխատանքային պայմաններու բարելաւում պահանջողը:
Պղնձամոլիբդենային գործարանի պատասխանատուները նախորդ օրերուն դիտել տուին, որ գործադուլ ընող քաղաքացիները աշխատավարձի անիրատեսական բարձրացում կը պահանջեն՝ սպառնալով իրաւական պատասխանատուութեան ենթարկել խախտումներ կատարողները:
«Հայաստանի լեռնագործների, մետալուրգների եւ ոսկերիչների արհեստակցական կազմակերպութիւնների ճիւղային հանրապետական միութեան» նախագահ Էդուարդ Փահլեւանեան «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին աւելի կանուխ յայտնած էր, որ իրավիճակը հանգուցալուծելու համար աշխատավարձի բարձրացման եւ պայմաններու բարելաւման հարցով քուէարկութեան աւարտէն ետք հանդիպում պիտի ունենան գործարանի ղեկավարութեան հետ:
«Հաշուարկից յետոյ նախատեսւում է յանձնաժողովի ստեղծում, որն էլ աշխատակիցների պահանջներով վաղը առաւօտեան ներկայանալու է բանակցութիւնների», յայտնեց Փահլեւանեան:
Իսկ պղնձամոլիբդենային գործարանէն նշեցին, որ իրենց դիրքորոշումը պիտի յայտնեն իրաւական գործընթացի աւարտէն ետք:
Կառավարութիւնը, որ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան գալէն ետք գործարանի 22 տոկոսին սեփականատէրն է, առայժմ չարձագանգեց արդէն 4 օրերէ ի վեր շարունակուող գործադուլին եւ աշխատողներուն պահանջներուն: