Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի, մեկնաբանելով Հայաստան-Ատրպէյճան կարգաւորման գործընթացը՝ յայտնեց, որ կովկասեան տարածաշրջանի եւ բոլոր դրացիներուն, որոնց կարգին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ապահովութիւնը Իրանի համար շատ կարեւոր է:
«Մենք լաւ յարաբերութիւններ ունինք երկու երկիրներուն հետ եւ դիւանագիտական փոխանակումները վերջերս աւելցած են: Մենք նախապէս յայտարարած ենք եւ դարձեալ կը շեշտենք, որ պատրաստ ենք որեւէ տեսակի օժանդակութիւն ցուցաբերելու Հարաւային Կովկասի մէջ ապահովութեան եւ կայունութեան ամրապնդման համար, նաեւ՝ աջակցելով երկու երկիրներուն միջեւ բանակցութիւններու յառաջխաղացքին», յայտնեց Պաղայի:
Մինչ այդ, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղճի Թեհրանի մէջ հանդիպում ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւի հետ: Ըստ իրանեան «Tasnim» լրատու գործակալութեան՝ կողմերը քննարկեցին երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները եւ տարածաշրջանին իրավիճակը:
Արաղճի լուսարձակի տակ առաւ Իրանի բարիդրացիական քաղաքականութիւնը եւ դրացիներուն հետ կապերը ընդլայնելու վճռականութիւնը, ինչպէս նաեւ Պաքուի հետ յարաբերութիւններու սերտացման գծով նախագահ Փեզեշքեանի աջակցութիւնը:
Ան շեշտեց կովկասեան տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն կարեւորութիւնը եւ անոնց ազդեցութիւնը տարածաշրջանի երկիրներու կայունութեան, ապահովութեան եւ զարգացման վրայ:
Արաղճի վերահաստատեց Իրանի քաղաքականութիւնը՝ աջակցելու տարածաշրջանային պետութիւններուն՝ հարցերը բանակցութիւններու միջոցով լուծելու կամքին` օգտագործելով շրջանային կարողութիւնները եւ խուսափելով արտատարածաշրջանային պետութիւններու ապակառուցողական միջամտութիւններէն:
Իսկ 3 Փետրուարին, Իրանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Գրիգոր Յակոբեան հանդիպում ունեցաւ Իսլամական Հանրապետութեան փոխնախագահ, Ծրագրաւորման ու պիւտճէի կազմակերպութեան ղեկավար եւ Հայաստան-Իրան միջկառավարական միացեալ յանձնաժողովի համանախագահ Սէյիտ Համիտ Փուրմոհամմատիի հետ:
Կողմերը կարեւոր նկատեցին Միջկառավարական միացեալ յանձնաժողովի` նախորդ տարի Թեհրանի մէջ տեղի ունեցած 18րդ նիստը: Անոնք անդրադարձան յանձնաժողովի ծիրին մէջ երկկողմ գործակցութիւնը առաւել խորացնելու անհրաժեշտութեան։ Քննարկուեցաւ նաեւ երկկողմ օրակարգի շարք մը, յատկապէս՝ երթեւեկի հաղորդակցութեան, ենթակառուցուածքներու եւ ուժանիւթի բնագաւառներուն վերաբերող հարցեր: