
ՀՅԴ 134ամեակի տօնակատարութեան նախօրեակին, Հինգշաբթի, 30 Յունուարի երեկոյեան, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ գրասէր հոծ բազմութեան մը ներկայութեան տեղի ունեցաւ պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանի խմբագրած «Սիմոն Զաւարեանի Անտիպ Նամակները» հատորին շնորհահանդէսը:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի քարոզչական մարմինին անունով ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Յարութ Մարկոսեան, այնուհետեւ հատորը ներկայացուց Սալբի Քիւրքճեան-Թաշճեան:
Այնուհետեւ խօսք առին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեան եւ հատորին խմբագիրը՝ Երուանդ Փամպուքեան:
Ձեռնարկին աւարտին տեղի ունեցաւ խմբագիրին կողմէ հատորներու մակագրումը: