Ամերիկահայեր հաւաքուեցան բողոքի ցոյցի մը՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի դէմ՝ անոր՝ Ուաշինկթըն այցելութեան ընթացքին, զոր շատեր կը տեսնեն իբրեւ փորձ մը՝ վերականգնելու իր վարկը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Սփիւռքի մասին իր վիճայարոյց յայտարարութիւններէն ետք։
Երիտասարդութեան կողմէ կազմակերպուած ցոյց մը տեղի ունեցաւ Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի դեսպանատան դիմաց, ուր բողոքողները բարձրացուցին ցուցապաստառներ, որոնց վրայ կային՝ «Գերիները Մոռցուած» եւ «Արցախը Դաւաճանուած» գրութիւնները՝ դատապարտելով Փաշինեանի այն քաղաքականութիւնը, որ վտանգի տակ դրած է Հայաստանի գերիշխանութիւնը եւ լքած է Արցախը եւ անոր ժողովուրդը։
«Ան նախընտրած է գալ Ուաշինկթըն, մեր քաղաքը, ուր կը սպասէ, որ մենք զինք պատուենք, հանդիսանանք անոր բեմադրութեան մասնիկը եւ լռութեամբ ընդունինք հայկական հողերու ու կեանքերու յանձնումը, ժողովրդավարութեան ու արժանապատուութեան կորուստը։ Սակայն, հիմա մեր կարգն է ընտրելու. մերժել օգտագործուիլը եւ կանգնիլ մեր իսկական ազգային արժէքներուն, շահերուն եւ ձգտումներուն կողքին», կ՛ըսուի ՀՅԴ Ուաշինկթընի «Սեպուհ» կոմիտէութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ։
Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան (ՀԵԴ) Ուաշինկթընի «Անի» մասնաճիւղի ատենապետ Վարդգէս Պամբուկեան եւս անդրադարձաւ հարցին՝ ըսելով. «Այն ամէն ինչին համար որ Սփիւռքը կը պայքարի՝ Արցախին եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումէն եւ արդար լուծումէն մինչեւ հայ ինքնութեան գոյատեւումը՝ Փաշինեան կը սպառնայ անոնց։ Մենք չենք լռեր, չենք մեկուսացուիր, երբ ան կու գայ մեր համայնքը»։
«Մեր պատգամը Փաշինեանին այն է, որ հայրենիքը իրենը չէ, որ ծախէ ու յանձնէ։ Եւ մեր պատգամը Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդին այն է, որ մենք ձեզի հետ ենք։ Հայաստանի ապահովութիւնը, Արցախի ժողովուրդի ապահով վերադարձը եւ մեր ռազմագերիներուն ազատումը ամէնէն կարեւոր հարցերն են, զորս մենք պիտի պաշտպանենք։ Փաշինեան կրնայ լուռ մնալ այս նիւթերուն մասին, Ուաշինկթընի մէջ, բայց Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը միշտ առաջին գիծի վրայ է այս հարցերուն մէջ, ըսաւ ՀԵԴի Արեւելեան Ամերիկայի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Նայիրի Շահնազարեան՝ աւելցնելով. «Իր քաղաքականութիւնը մեզ հասցուց Արցախի ցեղասպանութեան եւ մեր հողերու գրաւումին։ Մեր ամէնէն մեծ մտահոգութիւնը այն է, որ շարունակելով այս ուղին՝ Հայաստանը եւս պիտի կորսնցնենք»։
«Այս ցոյցերը կը շեշտեն Սփիւռքի, յատկապէս աճը երիտասարդներու դժգոհութեան, որոնք Փաշինեանի վարած քաղաքականութիւնը կը նկատեն ազգային շահերու դաւաճանութիւն։ Երբ ան կը փորձէ կապեր հաստատել Ամերիկայի պետական պաշտօնատարներու եւ հայ համայնքին հետ, իր ընդդիմադիրները վճռակամ կը մնան՝ բարձրաձայնելու իրենց մտահոգութիւնները եւ դաւաճանուած հայրենիքի ցաւերը», յայտնեցին ՀԵԴի Արեւելեան Ամերիկայի շրջանի անդամները։