
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան գտնուող Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիծէ խօսեցան երկու երկիրներուն միջեւ սահմանազատման գործընթացը աշխուժացնելու եւ այդ ուղղութեամբ ջանքեր գործադրելու մասին:
Փաշինեանի եւ Քոպախիծէի միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Փաշինեան շեշտեց, որ Հայաստան եւ Վրաստանը ձեւաւորած են հետագայ համագործակցութիւնը ընդլայնելու եւ զարգացնելու անհրաժեշտ գործիքակազմը: Կողմերը յառաջիկային եւս ջանքեր պիտի չխնայեն երկկողմ եւ տարածաշրջանային բարօրութեան գծով փոխգործակցութիւնը ընդլայնելու եւ ամրապնդելու ուղղութեամբ:
Երկու վարչապետներուն հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկիրներուն միջեւ ռազմավարական համագործակցութեան հարցեր եւ տարածաշրջանին իրավիճակը:
Քոպախիծէ անգամ մը եւս հաստատեց Վրաստանի կառավարութեան պատրաստակամութիւնը՝ նպաստելու Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ երկխօսութեան, ինչպէս նաեւ՝ շրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան ապահովման:
Քոպախիծէ դրական նկատեց Փաշինեանի հետ հանդիպումը՝ նշելով, որ խօսած են բազմաթիւ բնագաւառներու մէջ համագործակցութեան մասին: »Շատ կարեւոր է, որ յարգանք դրսեւորենք իրարու ռազմավարական շահերու, ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան հանդէպ եւ առիթէն օգտուելով՝ կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Հայաստանի մեր բարեկամներուն՝ բարձրագոյն մակարդակի վրայ մեր տարածքային անձեռնմխելիութիւնը եւ գերիշխանութիւնը պաշտպանելուն համար«, ըսաւ ան:
«Նախորդ տարի մեր երկրների միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան հաստատումը նոր լիցք է հաղորդել Հայաստանի եւ Վրաստանի միջպետական յարաբերութիւններին: Հայաստանն ու Վրաստանը փոխադարձաբար ու աներկբայօրէն յարգում են միմեանց տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը: Մեր հարուստ երկխօսութեան կարեւոր բաղադրիչներից է տնտեսական համագործակցութիւնը ու երկու երկրների փոխկապակցուածութեան ամրապնդումն, այդ թւում՝ փոխադարձաբար անհրաժեշտ դիւրացումներ ներդնելու միջոցով: Վրաստանի մեր գործընկերներին տեղեկացրել եմ, որ Հայաստանը շահագրգռուած է տարածաշրջանային տնտեսական ենթակառուցուածքների ապաշրջափակմամբ եւ լիարժէք վերագործարկմամբ, որը պէտք է տեղի ունենայ բոլոր երկրների ինքիշխանութիւնը տարածքային ամբողջականութիւնն ու սահմանների անքակտելիութիւնը լիարժէք յարգելու շրջանակներում: Այս համատեքստում ընդգծել եմ ՀՀ կառավարութեան ներկայացրած »Խաղաղութեան խաչմերուկ« նախագիծը կեանքի կոչելու կարեւորութիւնը, որը շատ կոնկրետ (յստակ) ու շօշափելի հեռանկարներ է խոստանում Հայաստանի, Վրաստանի եւ մեր ընդհանուր տարածաշրջանի միւս երկրների համար: Գործընկերոջս ներկայացրել եմ Հայաստան-Ադրբեջան յարաբերութիւնների կարգաւորման գործընթացի զարգացումները՝ շեշտելով, որ երկուստեք մտահոգութիւններ ներկայացնող բոլոր հարցերի շուրջ Հայաստանը ներկայացրել է շատ կոնկրետ առաջարկներ եւ լուծումներ: Սպասում ենք Ադրբեջանի կառուցողական աշխատանքին», ըսաւ Փաշինեան:

Հանդիպում ունեցան նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Վրաստանի անոր պաշտօնակիցը՝ Մաքա Պոճորիշվիլի, որոնք նոյնպէս քննարկեցին երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման ուղիները եւ տարածաշրջանային ապահովական հարցեր:
Միրզոյեան, միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, արձագանգելով Ատրպէյճանի նախագահին վերջին յայտարարութեան՝ ըսաւ, որ «նոր բան չկայ. Հայաստանի Հանրապետութեան դիրքորոշումը վաղուց հանրահռչակուած է. մենք աջակցում ենք տրանսպորտային ենթակառուցուածքների ապաշրջափակման գաղափարին»:
Իլհամ Ալիեւ յայտարարած էր, որ Ատրպէյճան գործնական քայլերու կը ձեռնարկէ «Զանգեզուրի միջանցք»ի բացման ուղղութեամբ՝ Երեւանէն պահանջելով առանց ստուգումներու եւ անխոչընդոտ ճամբայ ապահովել Ատրպէյճանէն Նախիճեւան:
Միրզոյեան շեշտեց, որ Երեւան բաւական կառուցողական առաջարկներ ներկայացուցած է Ատրպէյճանին եւ կ՛ակնկալէ նաեւ Ատրպէյճանի դրական վերաբերմունքը:
«Մենք վստահ ենք, որ այն պայմաններով եւ ձեւով, որով մենք տեսնում ենք ապաշրջափակումը, իրականում այդ ապաշրջափակումը մեծ տնտեսական եւ ոչ միայն օգուտներ կը բերի ողջ տարածաշրջանին, մեծ հաշուով մեր մօտեցումները արտացոլուած են »Խաղաղութեան խաչմերուկում», ըսաւ Միրզոյեան, որ նաեւ շեշտեց, թէ Երեւան պատրաստ է վերջնականացնելու Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը։
«Հայաստանի կառավարութեան դիրքորոշումը նոյնն է՝ Երեւանը նուիրուած է ու հետամուտ է լինելու խաղաղութեան օրակարգին, այդ թւում՝ խաղաղութեան պայմանագրին, տրանսպորտային (փոխադրութեան) ենթակառուցուածքների ապաշրջափակմանը, սահմանազատմանը: Ի միջի այլոց, նոյն հաւատամքն ու նուիրուածութիւնն ունենք նաեւ Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ սահմանի սահմանազատման գործընթացին», յայտնեց Միրզոյեան:
Պոճորիշվիլի իր կարգին շեշտեց, որ Վրաստան կողմնակից է շրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան եւ պատրաստակամ է կարելին ընելու՝ այդ նպատակին հասնելու համար: Ան շեշտեց, որ Վրաստան պատրաստ է մասնագիտական դերով հանդէս գալու տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն ամրապնդելու համար:
«Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրը, յուսանք, պիտի ամփոփուի այնպիսի դրոյթներով, որոնք երկուստեք նպատակայարմար պիտի ըլլան: Միայն ասիկա կրնայ հիմք հանդիսանալ տարածաշրջանի խաղաղութեան համար», յայտարարեց Պոճորիշվիլի՝ ընդգծելով նաեւ, որ Հայաստան եւ Վրաստան կը յարգեն իրարու գերիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը: