Կազմակերպութեամբ Քալիֆորնիոյ համալսարանին Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին (UCLA) մէջ գործող «Խոստումը» Հայկական հիմնարկին եւ «Ֆաուլըր» թանգարանին, Շաբաթ, 8 Փետրուարին, հայ մշակոյթի եւ մշակութային կոթողներու պահպանութեան հարցերուն նուիրուած միջազգային գիտաժողով մը տեղի պիտի ունենայ նշեալ թանգարանին «Լենարթ» սրահին մէջ։
Գիտաժողովը պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 8ին եւ պիտի շարունակուի մինչեւ երեկոյեան ժամը 7։ Անոր պիտի մասնակցին զանազան ոլորտներէ շարք մը մասնագէտներ։
Գիտաժողովին ներկայացումներուն մանրամասնութեան ծանօթանալու եւ արձանագրուելու համար այցելել bit.ly/PAI02-08-25 կայքէջը։