
ՖՐԵԶՆՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտականին կազմակերպութեամբ, 7 Փետրուարին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, համալսարանին Grosse Industrial Technology շէնքին թիւ 101 սրահին մէջ (2255 E. Barstow Ave․) տեղի պիտի ունենայ Սփիւռքի գրականութեան եւ լեզուական քաղաքականութեան նուիրուած դասախօսութիւն մը։
Նիւթը պիտի ներկայացնէ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ըրվայնի մասնաճիւղի դասախօս դոկտ. Դալար Շահինեան, որ անցեալ տարի հրապարակած էր իր՝ Stateless: The Politics of the Armenian Language in Exile («Անհայրենիք. Հայերէնի Քաղաքականութիւնը Աքսորի Մէջ») հատորը։
Հատորը նուիրուած է արեւմտահայ գրականութեան անցած ուղիին եւ Սփիւռքի մէջ գոյատեւելու համար անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն։
Ներկայացման կարելի պիտի ըլլայ հետեւիլ YouTube-ի միջոցաւ, կայքէջին վրայ։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքէջը։