27 Յունուարին, Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեանի եւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասատ Շայպանիի հանդիպումը:
Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան՝ Կոստանեան փոխանցեց Հայաստանի կառավարութեան յանձնառութիւնը` զարգացնելու երկկողմ յարաբերութիւնները սուրիական կողմին հետ: Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին համագործակցութեան հնարաւոր ուղղութիւններուն վերաբերեալ:
Կոստանեան հաստատեց հայկական կողմին պատրաստակամութիւնը` աջակցելու մարդասիրական եւ բարեփոխումներու իրականացման ոլորտներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ առաջնահերթութիւն նկատուող զանազան այլ ծրագիրներու:
Կողմերը շեշտեցին Հայաստանի եւ Սուրիոյ ժողովուրդներուն միջեւ պատմական ամուր կապերը: Այս պարունակին մէջ, աջակցութիւն յայտնուեցաւ Սուրիոյ մէջ համերաշխութեան մթնոլորտի մը ձեւաւորման եւ ներառականութեան վերաբերող ջանքերուն։
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին նաեւ տարածաշրջանային զարգացումներուն վերաբերեալ` ընդգծելով դրացիներուն հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման կարեւորութիւնը:
Սուրիական կողմը բարձր գնահատեց Հայաստանի պատուիրակութեան այցելութիւնը Դամասկոս: Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ յարաբերութիւնները շարունակելու: