ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

«Արաս» հրատարակչատան մատենաշարէն լոյս տեսնող «Օսմանեան Կայսրութեան Անկման Շրջանի Հայերն Ու Քիւրտերը» անունով ուսումնասիրութիւնը կը զուգադիպի այնպիսի նիւթերու, որոնք այժմէականութիւն ստացած են այս օրերուն։
Պատմաբաններ Ումիթ Քիւրթ եւ Արա Սարաֆեան խմբագրած են Սեպտեմբեր 2017ին Ամերիկայի մէջ կայացած գիտաժողովի մը հինգ զեկոյցները եւ համադրած հատորի մը մէջ։
Չաղտաշ Սիւմերի անգլերէնէ թարգմանութեամբ թրքերէն ընթերցողին հասնող այս գիրքի յօդուածագիրներն են Օուըն Միլըր, Էմրէ Ճան Տաղլըօղլու, Ումիթ Քիւրթ, Նիլայ Էօզօք Կիւտողան եւ Վարագ Գեթսեմանեան։
Հինգ հեղինակներն ալ իրենց յօդուածներուն մէջ կ՛անդրադառնան 1895ի եւ յաջորդող տարիներուն Համիտեան ջարդերուն։
Ինչպէս ծանօթ է, Մեծ Դուռը կազմակերպած էր բոլորովին քիւրտերէ բաղկացող 40 գունդեր, որոնք իրենց արշաւանքներով զանգուածային կորուստներ պատճառած էին Արեւմտեան Հայաստանի խաղաղ բնակչութեան։ Շատեր համիտեան գունդերու այդ արշաւանքները կը գնահատեն իբրեւ 1915ի Մեծ Եղեռնի նախափորձը։
Գիրքին հրատարակութիւնը կը զուգադիպի այն օրերուն, երբ վտանգաւոր հովեր կը փչեն քիւրտ եւ թուրք ազգայնական շրջանակներու միջեւ։ Տիրող մթնոլորտին մէջ, յաճախ կը շեշտուին քիւրտերու եւ թուրքերու պատմական եղբայրութեան մասին արտայայտութիւններ։ Կասկած չկայ, թէ այս նախադասութիւնը ժողովուրդներու բարեկամութեան իմաստով որքան ալ ողջունելի ըլլայ, հայ ժողովուրդի պատմական յիշողութեան մէջ դրոշմուած է մեծ ոճիրի մեղսակցութեամբ։
Անցեալին, Հրանդ Տինք բանախօսութեան մը ընթացքին շատ լուրջ հակազդեցութիւն ցոյց տուած էր «Քիւրտերս ու թուրքերը եղբայր ժողովուրդներ ենք։ Միասին պատերազմած, միասին արիւն հեղած ենք անցեալին» խօսքերուն դէմ։
Տինք պոռթկալով՝ հարց տուած էր. «Դուք որո՞ւ արիւնը հեղեցիք» ըսելով։
Ամէն պարագայի, այս հատորը ուսուցողական մեծ նշանակութիւն ունի երկրին եւ հայ ժողովուրդի պատմութեան հանդէպ հետաքրքրութիւն ունեցողներուն համար։