Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Թուրքիոյ իր պաշտօնակից Հաքան Ֆիտանի հետ, քննարկելով նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութիւն հաստատելու կարեւորութիւնը, կը հաղորդէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը։
Ռուպիօ նաեւ վերահաստատեց Ամերիկա-Թուրքիա յարաբերութիւններուն կարեւորութիւնը, Թուրքիան նկատելով ՆԱԹՕի կարեւոր դաշնակից մը։
Ան նաեւ ընդգծեց Սուրիոյ մէջ իշխանութեան խաղաղ փոխանցումին կարեւորութիւնը՝ շեշտելով, որ այդ երկրին նոր կառավարութիւնը պէտք չէ արտօնէ, որ Սուրիան դառնայ միջազգային ահաբեկչութեան աղբիւր մը։