ՀԱՊԿը, հակառակ Հայաստանի Արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան յայտարարութեան, Հայաստանը դաշնակից կը նկատէ, յայտնեց «Թասս»ը՝ յղում կատարելով ՀԱՊԿի աղբիւրին:
«Այո՛, կազմակերպութեան քարտուղարութիւնը ծանօթ է Հայաստանի Արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան յայտարարութեան: Սակայն, մենք, ինչպէս նախապէս, Հայաստանը կը նկատենք դաշնակից եւ աշխատանքային դրութեամբ կը շարունակենք գործել Երեւանի հետ», ըսաւ ՀԱՊԿի ներկայացուցիչը:
Հայաստանի Արտաքին հետախուզութեան ծառայութիւնը նախօրէին հրապարակուած իր զեկոյցին մէջ յատկապէս յայտնած էր հետեւեալը. «ՀԱՊԿն անգործունակութիւնը Հարաւային Կովկասում արձագանգելու այն խնդիրներին, որոնք ՀԱՊԿ կանոնադրական նպատակներն են, 2025 թուականին ամենայն հաւանականութեամբ չի փոխուի: Քիչ հաւանական է, որ 2025ին Հայաստանի կողմից ՀԱՊԿ անդամութեան սառեցման հիմքերը վերանան, եւ որ, իրենց գնահատմամբ, անվտանգային այս կառոյցի հեղինակութիւնը կը շարունակի մնալ էականօրէն կասկածի տակ»: