Միջազգային իրաւապաշտպան կառոյցները Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին (ԵԽԽՎ) կոչ ուղղեցին՝ չվերականգնելու Ատրպէյճանի պատուիրակութեան լիազօրութիւնները կամ զայն վերականգնելու բացառապէս «յստակ պայմաններով»:
Տասը միջազգային կազմակերպութիւններ ԵԽԽՎին յղած իրենց նամակին մէջ կը շեշտեն, որ Ալիեւի վարչակազմը չի համագործակցիր միջազգային գործիքակազմերու հետ, չի լուծեր մարդու իրաւունքներու համակարգային խախտումները, իսկ վերջին մէկ տարուան ընթացքին հրաժարած է համագործակցելէ Եւրոպայի խորհուրդի խոշտանգումներու կանխարգիլման կոմիտէին հետ:
Նամակը հեղինակած կազմակերպութիւնները, որոնց կարգին` Freedom Now-ը, Human Rights House հիմնարկը եւ Human Rights Watch-ը կ՛ընդգծեն, որ Ատրպէյճանի պատուիրակութեան ԵԽԽՎ վերադարձին համար Պաքու նախ պէտք է անյապաղ ազատ արձակէ բանտարկուած քաղաքացիական գործիչները, լրագրողները եւ իրաւապաշտպանները:
ԵԽԽՎը 24 Յունուար 2024ին որոշեց չվաւերացնել Ատրպէյճանի պատուիրակութեան լիազօրութիւնները: Այս որոշումով Ատրպէյճանի պատուիրակութիւնը առնուազն մէկ տարիով հեռացուեցաւ ԵԽԽՎէն:
Պաքու կառոյցին անդամ է 25 Յունուար 2001էն ի վեր։
ԵԽԽՎը իր այդ աննախադէպ որոշումին կու տայ զանազան պատճառներ, անոնց կարգին՝ Լաչինի միջանցքի արգելափակումը եւ անոր լուրջ հետեւանքները:
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած էր, թէ ԵԽԽՎի մէջ «Ատրպէյճանի դէմ կողմնակալ եւ կեղտոտ արշաւ սկսած է»: