Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Ազգային ժողովին մէջ պատասխանելով ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեանի հարցումին, թէ ինչո՛ւ Երեւան լուռ կը մնայ, երբ Հայաստանի քաղաքացիները Պաքուի բանտերուն մէջ կեղեքման եւ խոշտանգումներու կ՛ենթարկուին՝ ըսաւ. «Այն տեղեկութիւնները, որ մենք իմացաք եւ տեսաք այն տեսարանները, դրանք ի հարկէ մտահոգիչ են, բայց նաեւ պէտք է արձանագրենք, որ այս իրավիճակին մօտենում ենք չվնասելու տրամաբանութեամբ ե՛ւ մեր դիւանագիտական շփումներում, ե՛ւ օրակարգում այդ հարցը մշտապէս ներկայ է։ Մենք շարունակելու ենք այդ ուղղութեամբ մեր ջանքերը, որպէսզի հասնենք արդիւնքի: Էլի եմ ասում` մեր խնդիրը առաջին հերթին չվնասելն է: Ես հիմա կարող եմ յայտարարութիւններ անել, որ ձեր հայրենասիրական էմոցիոնները (զգացումներ) բաւարարող յայտարարութիւն լինի, բայց այդ յայտարարութեան հետեւանքները եւ ազդեցութիւնն էդ մարդիկ զգալու են բանտում ` իրենց մաշկի վրայ: Սա մենք հասկանում են, թէ չենք հասկանում»:
Այս շինծու դատավարութեան անդրադարձաւ նաեւ Ռուսիոյ Պետական տումայի ԱՊՀ գործերու եւ հայրենակիցներու հետ կապերու գծով յանձնաժողովի նախագահի առաջին տեղակալ Կոնսթանթին Զատուլին: «Պաքուի մէջ սկսած է «շօ» դատավարութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախկին ղեկավարներու եւ քանի մը հայրենակիցներու նկատմամբ», ըսաւ ան եւ եղածը նկատեց Ատրպէյճանի նախագահի անձնական վրէժխնդրութիւնը:
Ընդգծելով, որ յարուցուած 1389 քրէական գործերով մեղադրեալներուն մէջ են նաեւ իր ընկերները` Լեռնային Ղարաբաղի նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեան եւ Բակօ Սահակեան, Զատուլին նկատել տուաւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի ամբողջ հայ բնակչութիւնը` առաւել քան 100 հազար անձեր, հեռացած են իրենց տուներէն, եկեղեցիները եւ պապենական գերեզմանները եւ փախուստ տուած Հայաստան, եւ դատելով այսօր Պաքուի մէջ կատարուածէն, ըստ Զատուլինի, գաղթականները բոլորովին իրաւացի էին:
«Ասիկա 21րդ դարու խայտառակութիւնն է` թէեւ աւելի փոքր տարողութեամբ կրկնելով 20րդ դարասկիզբի հայերու կոտորածի սարսափները», յայտարարեց Զատուլին։