Բրիտանիա հրապարակեց զգուշացում մը՝ իր քաղաքացիներուն խորհուրդ տալով խուսափիլ դէպի Հայաստան-Ատրպէյճան արեւելեան սահմանէն 5 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ բոլոր ճամբորդութիւններէն։
Բացի այդ, քաղաքացիներուն խորհուրդ կը տրուի չերթեւեկել Նոյեմբերեան-Իջեւան Մ16-Հ26 միջպետական ճամբայով։
Իբրեւ պատճառ՝ կը նշուի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանային լարուած կացութիւնը։
Այս զգուշացումին արձագանգեց «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան, որ «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է հետեւեալը. «Բրիտանական կառավարութիւնը խորհուրդ է տալիս․ «1. Զերծ մնալ Հայաստան-Ադրբեջան արեւելեան սահմանից 5 կմ. հեռաւորութեան վրայ բոլոր ճանապարհորդութիւններից, 2. Չերթեւեկել Նոյեմբերեան-Իջեւան M16/H26 միջպետական ճանապարհով: Ո՛չ բրիտանացի գիտնականները, ո՛չ էլ բրիտանացի հետախոյզերը չգիտեն, որ Հայաստանում խաղաղութեան դարաշրջան է, որ աշխարհի ամենաապահով տեղը Կիրանցի ժեշտի ցանկապատն է ու խորհուրդ են տալիս յատկապէս այդ հատուած չայցելել, այդ ճանապարհով չերթեւեկել…»։