Հայկական կողմին նախաձեռնութեամբ իրականացած Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին, Փաշինեան բացատրեց Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններու ծիրին մէջ Երեւանի վերջին քայլերուն կացութիւնը, հաղորդեցին Քրեմլինէն։
Ռուսիոյ նախագահը համապատասխան մեկնաբանութիւններ կատարեց եւ արժեւորումներ տուաւ։
Քննարկումի նիւթ դարձան նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան հետագայ խորացման վերաբերող հարցեր:
Ըստ Ռուսական կողմին փոխանցած լրատուութեան՝ զրուցակիցները նաեւ քննարկեցին Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահութեան արդիւնքները, ԵԱՏՄի ծիրին մէջ յառաջիկայ կատարուելիքները, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Ռուսիա երկկողմ օրակարգի կարգ մը հարցեր, համարկումի համագործակցութիւնը՝ առաջին հերթին ուժանիւթի ոլորտի մէջ։ Լուսարձակի տակ առնուեցան ԵԱՏՄի ծիրին մէջ համատեղ աշխատանքի գործնական օգուտները, յատկապէս Հայաստանի համար։
Յիշեցենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը 9 Յունուարին համաձայնութիւն տուաւ Հայաստանի՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հոլովոյթի մեկնարկի օրէնքի նախագիծին։