
Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ քոնկրեսական Ճուտի Չու, Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Ճան Հայրապետեան, ինչպէս նաեւ Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի նախկին անդամ Էնթընի Փորթանթինօ այցելեցին Փասատինայի «Ճիվելեկեան» Երիտասարդական կեդրոնը՝ մօտէն հետեւելու համար Ալթատինայի հրդեհներէն տուժած քաղաքացիներուն օժանդակութիւն տրամադրելու համար Հայ Դատին եւ ՀԵԴին նախաձեռնած աշխատանքներուն։
Օրէնսդիրները շնորհակալութիւն յայտնեցին բոլոր կամաւորներուն, որոնք իրենց միջոցները եւ ժամանակը տրամադրելով՝ օգնութեան ձեռք կ՛երկարեն իրենց համաքաղաքացիներուն։


Այցելութեան ընթացքին Չու եւ Հայրապետեան նաեւ առիթը ունեցան հանդիպելու հրոյ ճարակ դարձած Ալթատինայի Սահակ-Մեսրոպ վարժարանի ներկայացուցիչներուն հետ
Նշենք, որ յայտնի արուեստագէտ Ժիրայր Զորթեանի կեդրոնը եւս հրոյ ճարակ դարձած է։
Օժանդակութիւններու կարիք ունեցող քաղաքացիները կրնան դիմել «Ճիվելեկեան» Երիտասարդական կեդրոնին՝ (818) 396-7005 թիւով։