Մոսկուա դարձեալ շեշտեց Հայաստանի համար ԵԱՏՄի անդամակցութեան կարեւորութիւնը: «Վերջին տարիներուն, Հայաստանի առեւտուրի եւ տնտեսութեան աճը կը վկայէ, որ Հայաստան ԵԱՏՄի անդամակցութեան հիմնական շահառուն է», յայտարարեց Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք` շեշտելով, որ Ռուսիոյ մասնակցութեամբ տնտեսական այդ դաշինքէն «օգուտները ակնյայտ են»:
Թուարկելով այդ «օգուտները»` Օվերչուք առանձնացուց ուժանիւթի եւ պարէնային ապահովութիւնը, տնտեսութեան զարգացման համար կայուն պայմաններու ստեղծումը, առանց խոչընդոտներու հսկայական շուկայ մուտքը:
«Ունենք թարմ վիճակագրութիւն 11 ամիսներ երկարող. Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ առեւտրական շրջանառութիւնը 11.6 միլիառ տոլար է, ԵԱՏՄի հետ` շուրջ 12 միլիառ տոլար: Մինչդեռ առեւտուրը (Հայաստանի) Եւրոպական Միութեան հետ քանի մը անգամ քիչ է եւ կը նուազի: Ասոր մասին է, որ կը խօսին տնտեսութիւնը եւ իրականութիւնը», աւելցուց Օվերչուք։