

Արհեստավարժ թենիսի չորս կարեւորագոյն մրցաշարքերէն մէկը հանդիսացող Աւստրալիոյ թենիսի բաց մրցաշարքի առաջին հանգրուանին, 19րդ դասուած ռուսահայ մարզիկ Կարէն Խաչանով 7-6 (7-5), 6-3 եւ 6-3 արդիւնքով դուրս ձգեց ֆրանսացի Ատրիան Մանարինոն:
Աղջիկներու մրցումներուն, Հայաստանը ներկայացնող ռուսահայ Էլինա Աւանէսեան (41րդ դասուած) 2 ժամ 10 վայրկեան տեւած պայքարէն ետք պարտութիւն մը կրեց Եուլիա Փութինցեւայի (Ղազախստան, 23րդ դասուած) դէմ մրցումին, 6-4, 5-7, 2-6 արդիւնքով: