Հարաւային Քալիֆորնիոյ զանազան շրջաններու մէջ շաբթուան սկիզբը սկսած եւ ցարդ շարունակուող կատաղի հրդեհներուն թիւը հասաւ 5ի, երբ Փըսիֆիք Փելըսէյտզի, Ալթատինայի, Սիլմարի եւ Էքթընի հրդեհներուն վրայ եկաւ աւելնալու Հոլիվուտի լեռնային շրջաններուն մէջ Չորեքշաբթի երեկոյեան սկսած հրդեհը։ Ընդհանուր հաշիւով, ցարդ այրած է մօտաւորապէս 30,000 արտավայր տարածք մը։
Հրդեհներուն պատճառով արձանագրուած զոհերուն յստակ թիւ մը չկայ տակաւին, սակայն, առնուազն հինգ անձերու մահուան պարագաները հաստատուած են, իսկ իրենց բնակարաններէն պարտադրաբար հեռացած քաղաքացիներուն թիւը անցած է 180,000ի սահմանը։
Ցարդ հրկիզուած են հազարաւոր բնակարաններ եւ այլ կառոյցներ ու Սանթա Անա անունով ծանօթ սաստիկ հովերուն մեղմացման շնորհիւ, հրշէջները կրցած են որոշ վայրերու մէջ կրակին տարածումը զսպել, սակայն մտավախութիւնը կայ, որ հովերը դարձեալ պիտի սաստկանան։
Այս պայմաններուն մէջ, շրջանի գրեթէ բոլոր վարժարանները Հինգշաբթի օր փակ պահեցին իրենց դռները, իսկ ուրիշներ յայտարարեցին, թէ փակ պիտի մնան մինչեւ յառաջիկայ Երկուշաբթի։