Լիբանանի նախորդ նախագահ Միշէլ Աունի պաշտօնավարութեան աւարտով սկսած եւ առաւել քան երկու տարիներ տեւած նախագահական աթոռին թափուր մնալէն ետք, խորհրդարանը 9 Յունուարին գումարեց նախագահի ընտրութեան նիստը:
Երեսփոխանական խմբակներուն միջեւ համախոհութիւն գոյացնելու նպատակով, վերջին օրերուն աշխուժացած էին տեղական եւ միջազգային հանդիպումները, որոնց շնորհիւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Երեքշաբթի գիշեր յայտնեց, թէ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան նիստի մը կը հրաւիրէ։
Նախագահ ընտրուելու համար թեկնածու մը պէտք է քուէարկութեան առաջին փուլին ստանայ 128 երեսփոխաններու քուէներուն երկու երրորդը, իսկ քուէարկութեան յաջորդ փուլերուն ընտրուելու համար քուէներուն առաւել քան 50 առ հարիւրը բաւարար է:
Ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայնի հետ հանդիպումին մասնակցած երեսփոխանական աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ Հոքշթայն «յայտնեց, որ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզէֆ Աուն մեր վստահութիւնը կը վայելէ, եւ անոր հետ աշխատանքի փորձառութիւնը յաջող է: Սակայն, լիբանանցիները ազատ են ընտրելու նախագահը, եւ մենք ալ ազատ ենք անոր աջակցելու եւ ձեր մօտ ներդրում կատարելու կամ ոչ»:
Այս պայմաններուն տակ, Աուն նախագահ ընտրուեցաւ երկրորդ քուէարկութեամբ։
«Այսօր նախագահական աթոռի թափուր մնալէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով ուրախ կը զգամ, որովհետեւ Աստուծոյ կամքով վաղը հանրապետութեան նոր նախագահ պիտի ունենանք», Չորեքշաբթի օր յայտարարած էր վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի:
Աւելի կանուխ, «Մարատա» հոսանքին ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ յայտարարած էր, որ իր թեկնածութիւնը յետս կը կոչէ` աւելցնելով. «Կը զօրակցիմ զօր. Աունին, որ ունի այն արժեչափերը, որոնք կը պահպանեն առաջին նախագահութեան դիրքը»:
Նաեւ, Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը երեսփոխաններուն կոչ ուղղած էր՝ «երեսփոխանական ազգային զարթօնքի, որ վաղը հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան կը յանգեցնէ»:
Մինչ այդ, Ֆրանսացի պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տրիան Լիբանանի մէջ Չորեքշաբթի օր ունեցած էր բազմաթիւ հանդիպումներ: Ըստ «Էմ.Թի.Վի.»ի ունեցած տեղեկութիւններուն՝ ան Լիբանանի հարցով միջազգային հնգեակին իր շրջապտոյտին ընթացքին հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան հարցով արծարծեց միայն մէկ անուն` բանակի հրամանատար զօր. Ժոզէֆ Աունի անունը:
«Ֆրանսացի պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տրիան իր հանդիպումներուն ընթացքին նախագահի պաշտօնին համար արծարծեց զօր. Ժոզէֆ Աունի անունը եւ մերժեց այլ անուն քննարկել», հաղորդեց «Լեպանոն Տիպէյթ»ը:
Լիբանանի պետական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ սէուտցի պատուիրակ Եազիտ Պըն Ֆարհան եւս Չորեքշաբթի օր ժամանած էր Պէյրութ՝ նախագահի ընտրութեան շուրջ լիբանանեան համախոհութիւն գոյացնելու նպատակով: