Ճատրակի միջազգային դաշնակցութիւնը` ՖԻՏԷն, հրապարակեց այս տարուան տղոց եւ կանանց իր առաջին դասաւորումները:
Տղոց ցանկին վրայ լաւագոյն 100ին մաս կը կազմեն Հայաստանէն երկու ներկայացուցիչներ` Շանթ Սարգսեան (66րդ, 2660 կէտեր) եւ Հայկ Մարտիրոսեան (85րդ, 2645 կէտեր):
11րդ դիրքին վրայ կը գտնուի Լեւոն Արոնեան, որ Միացեալ Նահանգները կը ներկայացնէ: Արոնեան ունի 2747 կէտեր: Այլ ամերիկահայ մը` Սամուէլ Սեւեան, ունի 2692 կէտեր եւ կը գրաւէ 38րդ դիրքը:
Աղջկանց դասաւորման մէջ, Հայաստանէն Էլինա Դանիէլեան կը գրաւէ 47րդ դիրքը 2398 կէտերով, Լիլիթ Մկրտչեան՝ 58րդ դիրքը (2388 կէտեր), իսկ Աննա Սարգսեան` 80րդ դիրքը (2358 կէտեր):