«Հըզպալլա»ի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» զօրամասի հրամանատար Քասեմ Սուլէյմանիի եւ Իրաքի աշխարհազօրի ղեկավար Ապու Մահտի Մուհանտեսի ահաբեկման տարելիցի ոգեկոչման առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ իսրայէլեան բանակը 1982ին քանի մը օրուան մէջ հասաւ մայրաքաղաք Պէյրութ, սակայն 2024ին 64 օր փորձ կատարելէ ետք, հարիւրաւոր մեթրեր միայն յառաջացաւ` հարցնելով, թէ «ինչո՛ւ չկրցաւ Լիթանի գետին հարաւը հասնիլ, ինչո՞ւ չկրցաւ գետին հասնիլ, ինչո՞ւ չկրցաւ Պէյրութ հասնիլ, որովհետեւ առասպելական տոկունութեամբ Դիմադրութեան մարտիկները տոկացին ու իսրայէլացի թշնամիին դիմաց կանգնեցան. ասիկա զսպում է: Ի՞նչ է զսպումը: Երբ կը կանգնիս բանակի մը դիմաց, որ 72,000 զինուորներէ եւ սպաներէ բաղկացած հինգ զօրամասեր կը բերէ սահմանը անցնելով գետ հասնելու կամ գետէն անդին անցնելու համար, այդ չի՞ նշանակեր, թէ Դիմադրութիւնը հզօր է, զսպիչ է, ազդեցիկ է եւ կը խափանէ թշնամիին ծրագիրները»:
«Յստակ պիտի ըլլամ, Դիմադրութեան ղեկավարութիւնն է, որ կը ճշդէ ե՛րբ դիմադրել, ինչպէ՛ս դիմադրել, դիմադրութեան ձեւը եւ օգտագործելիք զէնքը», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Դիմադրութիւնը կը ճշդէ իր կանոնները, առ այդ, չկայ ժամանակացոյց, որ Դիմադրութեան աշխատանքը կը ճշդէ, Դիմադրութեան աշխատանքը ո՛չ համաձայնութեան, ո՛չ ալ 60 օրերու պայմանաժամի աւարտով կը ճշդուի։ Մեր համբերութիւնը կապ ունի յարմար պահուն հետ, երբ դէմ կը դնենք զինադադարի խախտումներուն»:
Անդրադառնալով Լիբանանի նախագահի ընտրութեան` Քասեմ ըսաւ հետեւեալը. «Նախանձախնդիր ենք նախագահի ընտրութեան` այն հիմքով, որ խմբակները զայն կ՛ընտրեն համաձայնութեամբ եւ համախոհութեամբ, ու ուրիշը ջնջել ուզողները առիթ չունին: Օտարներուն ուժին վստահողները չեն կրնար այս ընտրութիւնը ապահովել»: