Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի «Էքս»ի իր էջին միջոցով շնորհաւորեց հայութեան Ս. Ծնունդը՝ գրելով. «Շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ, յատկապէս կը շնորհաւորեմ Լեռնային Ղարաբաղէն եկած գաղթականները, որոնք այս տարի եւս այս տօնը կը նշեն իրենց տուներէն հեռու»։
Հայաստանի մօտ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութիւնը եւս շնորհաւորեց Սուրբ Ծնունդը եւ մաղթեց, որ օրուան խորհուրդը ոգեշնչէ «բոլորս՝ կառուցելու առաւել ամուր համայնքներ եւ ստեղծելու աւելի պայծառ ու վերափոխող կարելիութիւններ, որոնք հասանելի են բոլորին»: