

Քրիստոսի Ս. Ծննդեան, Աստուածայայտնութեան եւ մկրտութեան տօները հանդիսաւորապէս նշուեցան հայրապետական Ս. եւ անմահ պատարագի մատուցումով՝ ձեռամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Երկուշաբթի, 6 Յունուարին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ։
Սուրբ խորանին վրայ վեհափառին կողքին առընթերակայ եպիսկոպոսներն էին՝ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան եւ Շահան արք. Սարգիսեան։
Սուրբ Պատարագին երգեցողութիւնը կատարեց կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը։
Հաւատացեալներու շարքին ներկայ էին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը եւ դեսպանատան անձնակազմը, պաշտօնական անձնաւորութիւններ, երեք հայկական կուսակցութիւններու եւ զանազան միութիւններու ու կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:



Ս. պատարագին ընթացքին, «Լոյս ի Լուսոյ» շարականին երգեցողութեամբ, Շահան արքեպիսկոպոսը Միւռոնաթափ Աղաւնին Սուրբ Երրորդութեան խորանէն բերաւ սուրբ խորանը, ուր կաթողիկոսին ձեռամբ կատարուեցաւ Քրիստոսի մկրտութիւնը խորհրդանշող ջրօրհնէքի աւանդական արարողութիւնը։ Ապա, վեհափառը ժողովուրդի զաւակներուն ուղղեց Սուրբ Ծննդեան իր հայրապետական պատգամը։
Հայրապետը ըսաւ, որ Մատթէոս աւետարանիչը, խօսելով Աստուծոյ Որդւոյն ծնունդին մասին՝ զայն կը բնորոշէ իբրեւ «Աստուած Մեզի հետ» (1։23): Արդարեւ, երկինքէն երկիր իջած, Բեթղեհէմի մէջ ծնած ու աշխարհին յայտնուած Աստուծոյ Որդին եղաւ Աստուծոյ շօշափելի ներկայութիւնը մարդկային կեանքին մէջ: Մարդկային բնութիւն ստանալով ու մարդու փրկութեան Իր առաքելութիւնը իրագործելով՝ Քրիստոս գործնապէս եղաւ մարդուն հետ. Աստուծոյ Որդին դարձաւ Մարդո՛ւ Որդի: Մարդուն հետ նոյնանալով Քրիստոս երկնային արժէքներով պայծառակերպեց մարդուն կեանքը՝ անոր մէջ վերականգնելով Աստուծոյ անկեալ պատկերը եւ Իր խաչով ու յարութեամբ մարդը առաջնորդելով դէպի վերամարդկայնացում. այլ խօսքով, մարդու ազատագրումը մեղքէն ու անոր փրկութիւնը: Ահա՛ խորհուրդը Բեթղեհէմի մէջ յայտնուած Աստուծոյ Որդւոյն: Առաքեալը անդրադառնալով Բեթղեհէմի խորհուրդին՝ կ՛ըսէ, «եթէ Աստուած մեզի հետ է ո՞վ կրնայ մեզի հակառակ ըլլալ» (Հռոմ. 8. 31): Ահա՛ պատգամը Բեթղեհէմին դարերէն եկող ու յաւիտենականութեան գացող: Աստուած մեզի հետ է՝ եթէ մենք Աստուծոյ հետ ենք: Հետեւաբար, Աստուծոյ ներկայութեամբ զօրացած, ո՞վ կրնար մեզի հակառակ ըլլալ: Եթէ Բեթղեհէմն է իր խորհուրդով ու պատգամով մեր հաւատքին, սիրոյ ու յոյսին աղբիւրը, ո՞վ կրնայ մեր հաւատքն ու յոյսը տկարացնել: Դարեր շարունակ, մեր հաւատքը յոյսով շաղախած եւ մեր յոյսը հաւատքով զօրացուցած մեր ժողովուրդը մնաց պատմութեան արհաւիրքներուն մէջ. հալածանք թէ ցեղասպանութիւն չկրցան մեր ժողովուրդի կեանքէն վանել Բեթղեհէմին հաւատքն ու յոյսը:
Ապա, վեհափառը խօսելով մեր ժողովուրդի ներկայ կացութեան մասին՝ ըսաւ. «Որեւէ ժամանակէ աւելի մեր ժողովուրդը կարիքը ունի իր հաւատքին ու յոյսին վերանորոգման: Կ՛ապրինք տագնապներով լեցուն անորոշ ու տխուր ժամանակներու մէջ, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ: Հայաստանէն ներս վերջին տարիներուն պարզուած վիճակը, իր ներքին թէ արտաքին երեսներով, մեր Հայրենիքը կրնայ առաջնորդել նորանոր տագնապներու: Այս գծով, մեր մտահոգութիւնը եւ տեսակէտը բազմաթիւ առիթներով պարզած ենք։ Սփիւռքի մէջ, յատկապէս Լիբանան ու Սուրիա, մեր համայնքները կը շարունակեն դիմագրաւել լուրջ մտահոգութիւններ: Ծանօթ են վերջին շրջանին Լիբանանի մէջ ստեղծուած պայմանները, շարունակուող ընկերատնտեսական տագնապը ու քաղաքական անորոշութիւնը: Մեր սպասումն է, աւելի ճիշդ՝ պահա՛նջքը, որ 9 Յունուարին տեղի ունենալիք խորհրդարանական նիստին ընտրուի հանրապետութեան նոր նախագահը, որուն պարտաւորութիւնը պէտք է ըլլայ Լիբանանի միասնականութիւնը ամրապնդել, ընկերատնտեսական վիճակը բարելաւել եւ նոր կառավարութեան կազմութեամբ Լիբանանը առաջնորդել դէպի վերականգնում ու զարգացում: Լիբանանի հայ համայնքը, որպէս երկրին գլխաւոր համայնքներէն մէկը, միշտ պատրաստ է իր ամբողջական մասնակցութիւնը բերելու այն բոլոր նախաձեռնութիւններուն ու աշխատանքներուն, որոնց նպատակը Լիբանանի հզօրացումն է: Դարձեալ ծանօթ է, Սուրիոյ մէջ վերջին ամիսներուն ստեղծուած նոր կացութիւնը: Այնտեղ եւս մեր համայնքը քրիստոնեայ գլխաւոր համայնքներէն մէկն է: Հին դարերէն սկսեալ Սուրիոյ մէջ հայ համայնքը ներկայութիւն եղած է: Սուրիայէն ներս ստեղծուած նոր իրավիճակին գծով Մենք կը զօրակցինք քրիստոնեայ միւս համայնքներու տեսակէտերուն ու սպասումներուն: Քրիստոնեայ համայնքները սովորական իմաստով փոքրամասնութիւններ չեն. անոնք պատմականօրէն մաս կը կազմեն Սուրիոյ ժողովուրդին: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է, որ անոնց իրաւունքները յարգուին ու պաշտպանուին, յատկապէս նոր կազմուելիք սահմանադրութեան ճամբով, ինչպէս նաեւ կառավարութեան ու պետական կառոյցներու իրենց գործօն մասնակցութեամբ»:
Սուրբ Պատարագէն ետք, Վեհարանի դահլիճին մէջ, վեհափառը ընդունեց մեր հայրենակիցներուն եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններուն նոր տարուան եւ Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան շնորհաւորութիւնները։