Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց միութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ կը ջանայ վերականգնել «Արենի» մանկապատանեկան պարախումբը՝ հրաւիրելով այս նպատակով հետաքրքրուած ընտանիքները եւ փոքրերը՝ միանալու այս նախաձեռնութեան։
Դասերը տեղի պիտի ունենան արհեստավարժ պարուսոյց Լուիզա Խաչատրեանի առաջնորդութեամբ, ամէն Կիրակի օր, կ.ե. ժամը 2էն սկսեալ։ Առաջին հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 12 Յունուարին։
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու կամ արձանագրութեան համար կը խնդրուի դիմել Արփիկին կամ Շողիկին հետեւեալ թիւերով՝ (818) 636-8057 կամ (818) 823-8532։