Ատրպէյճանի իշխանութիւնները յայտնեցին, թէ Մոսկուա խոստացաւ Ղազախստանի մէջ անցեալ շաբաթ պատահած ատրպէյճանական օդանաւին ջախջախման պատասխանատուները ճշդել եւ պատժել:
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած էր, որ օդանաւը Ռուսիայէն արձակուած կրակոցի մը պատճառով խոցուած է եւ պահանջած էր Մոսկուայէն, որ ներողութիւն խնդրէ։
«Ռուսական կողմը պէտք է Ատրպէյճանէն ներողութիւն խնդրէ, պէտք է ընդունի իր մեղքը, մեղաւորները պէտք է պատժուին եւ պատասխանատուութեան ենթարկուին, իսկ ատրպէյճանական պետութեան, վիրաւորուած ճամբորդներուն եւ անձնակազմի անդամներուն պէտք է փոխհատուցում տրուի», ըսած էր ան:
Ըստ ֆրանսական լրատու գործակալութեան հաղորդումին՝ Ատրպէյճանի ընդհանուր դատախազութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով՝ յայտնեց հետեւեալը. «Ռուսիա, որ տակաւին չհաստատեց, որ օդանաւը իր օդային պաշտպանութեան համակարգերու կրակոցէն խոցուած է, Ատրպէյճանին յայտնեց, որ աշխուժ քայլերու կը ձեռնարկէ` ճշդելու համար յանցաւորները եւ զանոնք քրէական պատասխանատուութեան պիտի ենթարկէ»:
Նշենք, որ օդանաւին մէջ գտնուող 67 ճամբորդներէն եւ անձնակազմի անդամներէն 38ը մահացած էին: