26 Դեկտեմբերին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) նախագահութիւնը աւարտեց Պելոռուսի նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի հետ վէճով:
Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցող ԵԱՏՄի բարձրագոյն խորհուրդի նիստին ընթացքին, Փաշինեան միացաւ տեսակապով, որովհետեւ, ինչպէս ան գրած էր «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ, վարակուած է «Քորոնա» համաճարակով:
Թէեւ տնտեսական կառոյցին այս տարի կը նախագահէ Հայաստան, սակայն առաջին խօսք առնողը եղաւ Ռուսիոյ նախագահը, որ ոչ մէկ ակնարկութիւն ըրաւ Փաշինեանի առողջական վիճակին, այլ 3 վայրկեան տեւած իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ ԵԱՏՄին: Տնտեսական այդ կառոյցը, ըստ անոր, օգուտներ կը բերէ անդամ երկիրներուն, եւ ռուսական կողմը հետաքրքրուած է համարկման միաւորման ամրապնդման աշխատանքները աշխուժացնելով:
«Համարկման փոխգործակցութիւնը օգուտ կը բերէ կառոյցին մասնակցողներէն իւրաքանչիւրին, կ՛օգնէ ապահովելու թէ՛ եւրասիական հնգեակի, թէ՛ ընդհանուր առմամբ Եւրասիական տարածաշրջանի տնտեսութիւններու կայուն, հաստատուն աճը, պատճառ կը դառնայ մեր երկիրներու կեանքի որակի եւ բարեկեցութեան բարձրացման», յայտարարեց Փութին, որ ապա խօսքը փոխանցեց պաստառին միւս կողմը սպասող Փաշինեանին, որ նոյնպէս հակիրճ խօսեցաւ: Ան նախ յիշեցուց, որ Հայաստանի նախագահութիւնը կը մօտենայ աւարտին, ապա թուարկեց, թէ անցեալ տարուան ընթացքին որո՛նք էին Երեւանի առաջնահերթութիւնները։ «Մեր առաջնահերթութիւններն են՝ տնտեսական համագործակցութիւնը, էներգետիկ (ուժանիւթի) ոլորտում ընդհանուր շուկաների ստեղծումը, ԵԱՏՄ ներքին շուկայում խոչընդոտների վերացումը, տրանսպորտային (փոխադրութեան), լոգիստիկ (մատակարարման համակարգի) ենթակառուցուածքների զարգացումը եւ միջազգային յարաբերութիւնների ամրապնդումը», ըսաւ Փաշինեան:
Ապա արդէն կողմերը անցան փակ քննարկման: Առանց Փաշինեանի Ս. Փեթերսպուրկ մեկնած Հայաստանի պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան:
Ժողովին քննարկումները ամփոփելու ընթացքին, Լուքաշենքօ դժգոհութիւն յայտնեց նիստին մասնակցելու հեռակայ դրութիւնը նախընտրողներէն, ապա դիմեց պաստառին միւս կողմը նստած Փաշինեանին եւ ըսաւ. «Ասիկա ձեզի չի վերաբերիր, մենք գիտենք, որ դուք ոչ միայն սափրուած էք, այլ նաեւ քիչ մը հիւանդացած էք, այդ պատճառով մենք ձեզ կ՛ընդունինք իբրեւ մեր միութեան նոր, երիտասարդ անդամ»:
Փաշինեան, իբրեւ պատասխան՝ տեղեկացուց, որ հայկական պատուիրակութիւնը յաջորդ տարուան Մայիսին Մինսքի մէջ տեղի ունենալիք Եւրասիական բարձրագոյն տնտեսական խորհուրդի նիստին եւս մտադիր է հեռավար՝ տեսակապի միջոցով մասնակցիլ:
«Ի՞նչ է ձեր հարցը, շատ հեռու է՞ք Մինսքէն», հարցուց Լուքաշենքօ:
Փաշինեան պատասխանեց, որ արդէն կատարած է իր հրապարակային յայտարարութիւնը, եւ անիկա կը մնայ ուժի մէջ: «Չեմ կարծում, որ սա ճիշդ ձեւաչափ է այս հարցերը քննարկելու համար», ընդգծեց ան:
Լուքաշենքօ շարունակեց պնդել, թէ կը քննարկեն Հայաստանի դիմումը: «Հաւանաբար հեռատեսիլ չըլլայ, որ կարենաք խօսիլ հեռակայ կարգով», յայտարարեց Լուքաշենքօ: «Խնդիր չկայ, ես հասկանում եմ, ձեզ մօտ գուցէ նաեւ հեռուստացոյցն է դարձել խնդիր, մենք դրան ըմբռնումով ենք մօտենում», արձագանգեց Փաշինեան։
Յիշեցնենք, որ Պելոռուսի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները վատթարացան, երբ Լուքաշենքօ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի պատերազմը որակեց «ազատագրական պատերազմ»: Փաշինեան անկէ ետք յայտարարեց, որ Երեւանէն ոեւէ պաշտօնատար Պելոռուս պիտի չայցելէ, այնքան ատեն որ Լուքաշենքօ այդ երկրին նախագահն է:
Աւելի կանուխ, ԱՊՀի մէջ Հայաստանի աշխատանքին եւ անոր օգտակարութեան մասին խօսած էր Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով: «Մեր հայ պաշտօնակիցները չեն մասնակցիր ՀԱՊԿի ձեւաչափին. անոնք դադրեցուցած են իրենց մասնակցութիւնը: Այդուամենայնիւ, Հայաստան տակաւին շատ կարեւոր մասնակցող է թէ՛ ԵԱՏՄի եւ թէ ԱՊՀի մէջ: Այս մասնակցութենէն կը շահին թէ՛ Հայաստան, թէ՛ հայ ժողովուրդը: Այսպիսով ասորմով շահագրգռուած են թէ՛ ԱՊՀը եւ թէ մեր հայ ընկերները», նշած է Փեսքով: