Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան Ֆրանսա կատարած աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ, 17 Դեկտեմբերին հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի զինուած ուժերու նախարար Սեպասթիան Լըքորնիւի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ համագործակցութեան ներկայ ընթացքը:
Պապիկեան կարեւոր նկատեց Լըքորնիւի հետ նախապէս ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու անշեղօրէն իրականացման ընթացքը, ինչպէս նաեւ այս հանդիպման ընթացքին համագործակցութեան վերաբերեալ ձեռք բերուելիք նոր պայմանաւորուածութիւնները:

Կողմերը հաստատեցին, որ համագործակցութիւնը դրուած է երկարաժամկէտ եւ հաստատ հիմերու վրայ:
Լըքորնիւ հաստատեց համագործակցութիւնը զարգացնելու պատրաստակամութիւնը:
Պապիկեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ Ֆրանսայի Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու, պաշտպանութեան եւ զինուած ուժերու յանձնաժողովի նախագահ Սետրիք Փերրէնի եւ կարգ մը ծերակուտականներու հետ։
«Ֆէյսպուք»ի վրայ այս մասին գրառում կատարելով՝ Պապիկեան կը յայտնէ, որ իրենք քննարկեցին պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ գործակցութեան վերաբերող հարցեր: «Կարեւորել եմ համագործակցութեան բարձր մակարդակն ու զարգացման հեռանկարները` նշելով, որ ձեռքբերումները հնարաւոր են եղել Սենատի շարունակական աջակցութեան շնորհիւ: Սեդրիկ Պերրինը վերահաստատել է համագործակցութեան զարգացման գործում Սենատի աջակցութեան նշանակութիւնը: Հանդիպման ընթացքում քննարկուել են նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան սպառնալիքներին առնչուող հարցեր», կ՛ըսուի Պապիկեանի վերոնշեալ գրառումին մէջ: