ՍԴՀԿի, ՀՅԴի եւ ՌԱԿի Լիբանանի մարմիններու ներկայացուցիչներու հերթական հանդիպումը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 13 Դեկտեմբերին, «Թէքէեան» կեդրոնին մէջ։
Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները ողջունեցին Լիբանանի մէջ զինադուլի հաստատումը եւ շեշտեցին, որ պատերազմին ընթացքին կուսակցութիւններու համատեղ խորհրդակցական հանդիպումներով ճշդուած աշխատանքի ուղեցոյցին հիման վրայ, հայ յարանուանական եւ բարեսիրական միութիւններու համակարգուած օժանդակութեան աշխատանքները եղած են արդիւնաւէտ։ Այդ աշխատանքները համարժէք արձագանգ գտած են հայկական թաղամասերու եւ շրջաններու մերձակայքը հաստատուած գաղթականները ներկայացնող մարմիններու կողմէ։
Ապա ժողովը յատուկ օրակարգով քննարկեց Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւնները, արձանագրեց անոնց շատ արագ ընթացքին պատճառով ստեղծուած նոր իրավիճակը եւ անոր մէջ Հալէպի, Դամասկոսի, հիւսիսային շրջանի եւ Քեսապի հայութեան վերաբերող հարցերը։
Միջին Արեւելքի մէջ ընթացող ռազմաքաղաքական գործընթացին վերլուծումը կատարելով՝ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները մտահոգութիւն յայտնեցին թրքական դերակատարութեան ծաւալման, անոր ազդեցութեան գօտիներու ընդարձակման գծով։ Լուսարձակի տակ առնուեցան Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի շահերու համընկնումի բազմաթիւ երեւոյթներ եւ իրադարձութիւններ։
Վերադառնալով լիբանանեան օրակարգին՝ հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները հաստատեցին, որ 9 Յունուարը պէտք է դառնայ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան օր։ Քննարկելով Միջին Արեւելքի իրադարձութիւններու հաւանական ազդեցութիւնները Լիբանանի վրայ՝ ժողովը դարձեալ ընդգծեց հայ քաղաքական-հասարակական դաշտին մէջ նոր իրավիճակներու պատճառով ստեղծուած մարտահրաւէրները միասնական ճիգերով եւ համակարգուած աշխատանքով դիմակայելու հրամայականները։