

Համազգայինի Նիկոսիոյ «Յ. Օշական» մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ, 6 Դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ մշակութային երեկոյ մը` նուիրուած Մեծն Ներսէս Շնորհալիի վախճանման 850ամեակին:
Վարչութեան անունով բացման խօսքը կատարեց Արթօ Դաւիթեան, որ ներկայացուց օրուան բանախօսը` թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Կոմիտաս արք. Օհանեանը, որ հմտօրէն պատրաստուած դասախօսութեամբ մը ներկայացուց մեծ հայրապետին կեանքը եւ վաստակը:
Սրբազանը նախ նկարագրեց Կիլիկիոյ թագաւորութեան ստեղծումին պայմանները, անոր զարգացումը եւ ծաղկումը` շնորհիւ մտաւորական հոգեւորականներու փայլուն հոյլի մը, որոնց մէջ իւրայատուկ տեղ ունի Ներսէս Դ. Կլայեցի կաթողիկոսը:
Կոմիտաս սրբազան մէկ առ մէկ ներկայացուց այն հոգեւոր եւ մշակութային բնագաւառները, որոնց մէջ Շնորհալի իր ստեղծագործ հանճարով բարեկարգիչ դերակատարութիւն ունեցաւ: Ան ըսաւ նաեւ, որ Ներսէս Շնորհալի, իր բազմատաղանդ գործունէութեամբ, կրնայ իրաւամբ հայոց երկրորդ լուսաւորիչը կոչուիլ:
Ներկաները մեծ հետաքրքրութեամբ ունկնդրեցին սրբազան հօր դասախօսութիւնը, որուն ընթացքին ցուցադրուեցան նաեւ երկու տեսանիւթեր` Շնորհալիի յօրինած շարական մը եւ Կիլիկիոյ թագաւորութեան մասին փոքր երիզ մը: