«Սուրիոյ մէջ կացութիւնը տակաւին անկայուն եւ անկանխատեսելի է», յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ կոչ ընելով իր քաղաքացիներուն, որ հեռանան Սուրիայէն:
«Եւրոպական Միութեան կողմէ ահաբեկչական որակուած «Հայըաթ Թահրիր Շամ»ի դիրքորոշումը աւելի չափաւոր դարձած է», «Տեր Շփիկըլ»ին յայտնեցին Եւրոպացի դիւանագէտներ:
«Սուրիական նոր ղեկավարութենէն կ՛ակնկալենք պաշտպանել փոքրամասնութիւնները, ինչպէս քիւրտերն ու քրիստոնեաները», նշեց Եւրոպական Միութենէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը:
«Դամասկոսի մէջ Իրանի դեսպանատունը մօտ օրէն պիտի վերսկսի իր գործունէութեան», յայտարարեց Սուրիոյ մօտ Իրանի դեսպան Հիւսէյն Աքպարի՝ աւելցնելով. « Նախքան «Հայըաթ Թահրիր Շամ»ի Դամասկոս հասնիլը անծանօթներ թալանեցին Դամասկոսը, ներառեալ մեր դեսպանատունը: «Հայըաթ Թահրիր Շամ»ը կ՛երաշխաւորէ մեր դեսպանատան ապահովութիւնը»:
Նետերլանտներու (Հոլանտա) արտաքին գործոց նախարար Քասփար Վելտքամփ յայտնեց, որ տակաւին կանուխ է «Հայըաթ Թահրիր Շամ»ի դէմ հաստատուած պատժամիջոցները վերցնելու, եւ անիկա պէտք է պայմանաւորեալ ըլլայ: «Ռուսիոյ ռազմակայաններու փակումը Դամասկոսին աջակցելու համար եւրոպական պայմաններու շարքին պիտի ըլլայ», ըսաւ ան:
Նաեւ, Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջանները վերահսկող քրտական ինքնակառավարման մարմինը Ռաքքայի մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին կոչ ուղղեց՝ «սուրիական բոլոր հողերուն վրայ զինուորական գործողութիւնները դադրեցնելու»` պատրաստակամութիւն յայտնելով Դամասկոսի նոր իշխանութիւններուն հետ գործակցելու:
ՆԱԽԱՊԷՍ ԾՐԱԳՐՈՒԱԾ ՁԵՒՈՎ ՉՀԵՌԱՑԱՅ. ԱՍԱՏ
Ընկերային ցանցերու վրայ, Սուրիոյ նախկին նախագահ Պաշշար Ասատի էջը հրապարակեց անոր յայտարարութիւնը, որուն մէջ ան կը յայտնէ, թէ ինք տարաձայնուածին պէս նախապէս ծրագրուած ձեւով չէ հեռացած, այլ Դամասկոս մնացած է մինչեւ 8 Դեկտեմբերի կանուխ առաւօտը: «Ահաբեկչական ուժերուն Դամասկոս հասնելով, ռուս բարեկամներուն հետ համակարգելով փոխադրուեցայ Լաթաքիա` այդտեղէն հետեւելու մարտական գործողութիւններուն: Առաւօտեան Հմէյմիմ (ռուսական ռազմակայանին վայրը) հասնելէս ետք յայտնի դարձաւ, որ ուժերը բոլոր մարտական գիծերէն հեռացած են, եւ բանակին վերջին դիրքը ինկած է», գրած է Ասատ` աւելցնելով. «Այդ շրջանին մէջ մարտական վիճակի վատթարացման եւ ինքնին ռուսական ռազմակայանին վրայ անօդաչու թռչող սարքերով յարձակումներու մագլցումէն ետք, ռազմակայանէն որեւէ ուղղութեամբ դուրս գալը անկարելի դառնալով, Մոսկուան ռազմակայանի ղեկավարութենէն պահանջեց աշխատանք տանիլ Կիրակի երեկոյեան դէպի Ռուսիա անմիջական տարհանման, այսինքն` Դամասկոսի անկումէն մէկ օր ետք, եւ զինուորական վերջին դիրքերու անկումէն եւ անոր հետեւած պետութեան մնացեալ կառոյցներու անդամալուծումէն ետք: Պետութեան ահաբեկիչներուն ձեռքը իյնալով, եւ որեւէ բան տրամադրելու կարողութիւնը կորսնցնելէ ետք, պաշտօնը անիմաստ կը դառնայ եւ պաշտօնատարին այդ պաշտօնին վրայ մնալը անիմաստ կը դառնայ։ Այդ երբեք չի նշանակեր հրաժարիլ Սուրիոյ եւ անոր ժողովուրդին անկեղծ ազգային պատկանելիութենէն. հաստատաբար այս պաշտօնը կամ պահը չի փոխեր. պատկանելիութիւն մը, որ կը պարունակէ այն յոյսը, որ Սուրիան դարձեալ ազատ եւ անկախ դառնայ»։