
Կիրակի, 8 Դեկտեմբերի առաւօտեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան նախագահեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ հանդիսաւոր Ս. պատարագին, ապա քարոզեց, յորդորելով ներկաները՝ Աստուածաշունչը կարդալ Աստուծոյ ակնոցով, այսինքն՝ ապրիլ եւ գործել քրիստոնէական վարքագիծով ու անանձնականութիւնը դարձնել մարդկային ապրելաձեւի հիմնարար սկզբունք:
Սրբազան հօր քարոզին բնաբանը վերցուած էր Ղուկաս Աւետարանի 14րդ գլուխէն, ուր Յիսուս կը խօսի ճաշի կամ ընթրիքի հրաւէր տալու մասին՝ ըսելով. «Երբ ճաշի կամ ընթրիքի հրաւէր կու տաս, մի՛ կանչեր բարեկամներդ կամ եղբայրներդ, ազգականներդ եւ հարուստ դրացիներդ, որպէսզի չըլլայ որ անոնք ալ քու հրաւէրիդ փոխարէն քեզ հրաւիրեն, եւ այս ձեւով քեզի հատուցում կատարած ըլլան: Ընդհակառակը, երբ ճաշկերոյթ կու տաս, կանչէ աղքատները եւ խեղանդամները, կաղերն ու կոյրերը եւ այն ատեն երանելի պիտի ըլլաս, որովհետեւ անոնք փոխարէնը քեզի հատուցելիք ոչինչ ունին: Եւ գիտցած եղիր, որ քու հատուցումդ պիտի ստանաս արդարներու յարութեան ժամանակ», ապա բացատրելով այս տողերը՝ ան ընկալելի դարձուց առակին միտք բանին՝ շեշտը դնելով քրիստոնէական մարդասիրութեան, անանձնական ապրելակերպին, առանց փոխադարձ ակնկալութեան բարիք գործելու եւ միայն Աստուծմէ վարձահատոյց ըլլալու հաւատքի կէտերուն վրայ:


Իր խօսքին աւարտին՝ առաջնորդը դահլիճը լեցուցած հաւատացեալ ժողովուրդին ուշադրութեան յանձնեց Գապայեան Ազգային նախակրթարանի Գ. կարգի աշակերտներու կողմէ «Քրիստոս ի մէջ» շարականի շնորհալի երգեցողութեամբ մասնակցութիւնը պատարագին եւ այս իմաստով գնահատեց երեւոյթը, աշակերտները եւ անոնց ուսուցչուհին՝ Յաւերժ Սանոսեանը, ապա ան նշեց, որ եկեղեցին լեցուցած մարդոց դէմքերուն նկատած է ժպիտներ, զորս կը մեկնաբանէ երեք ձեւով. առաջին՝ ծնողներու ժպիտներ, որոնք ծաղկած են Հայ եկեղեցւոյ ծառայող իրենց զաւակներուն աստուածահաճոյ վարքին ի տես, երկրորդ՝ դպրաց դասի անդամներու ժպիտներ՝ իրենց միացած աշակերտական խումբը վաղուան խոստմնալից դպիրները նկատելու առումով, «այլեւ մեր ներքին ուրախութիւնը՝ իբրեւ հոգեւոր առաջնորդը այս թեմին, մեր այս ժպիտով կը ցոլացնենք մեր վստահութիւնը՝ հայկական վարժարաններու տղոց ու աղջկանց մատուցուած հոգեւոր, ազգային եւ մշակութային դաստիարակութեան համար ու կը հաստատենք՝ ըսելով. «Ահաւասի՛կ գեղեցիկ եւ շօշափելի նմոյշ մը մեր Ազգային վարժարաններու առաքելատիպ դաստիարակութեան, որմով իրենց մատղաշ տարիքէն սկսեալ կը թրծուին մեր զաւակները՝ իբրեւ վաղուան քաջարի պահապաններն ու հոգեւոր եւ ազգային ղեկավարները մեր ազգի աւանդական թէ ժամանակակից կառոյցներուն, ինչպէս նաեւ դարաւոր ոգեղէն արժէքներուն՝ ինչպէս հայոց լեզուին, Հայաստան հայրենիքին, Հայ եկեղեցւոյ եւ հայ մշակոյթին»:


Յետ արարողութեան, առաջնորդին շքախումբը, հոգեւոր հայրերէ եւ համայնքային կեանքի պատասխանատուներէ բաղկացած, ուղղուեցաւ «Տը Կէյթ» ճաշարանը, ուր Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Տիկնանց Օժանդակ մարմինին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան ճաշկերոյթը, հիւրընկալութեամբ շրջանի բարերարուհի Խաթուն Սարեանի, մասնակցութեամբ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին, շրջանի ազգային, մարդասիրական եւ կրթական կառոյցներու ներկայացուցիչներու եւ հիւրերու:
Ճաշկերոյթը սկիզբ առաւ սրբազան հօր աղօթքով, բարի գալուստի խօսքը արտասանեց շրջանի հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան, բացման խօսքով հանդէս եկաւ կազմակերպիչ մարմինի ատենապետուհի Նենսի Պետիրեան, որմէ ետք առաջնորդը իր գնահատանքի եւ օրհնութեան խօսքը փոխանցեց ներկաներուն, դրուատեց Տիկնանց Օժանդակ մարմինին եւ կամաւոր ձեռքերուն ծառայութիւնը՝ յանուն եկեղեցւոյ եւ շրջանի հայկական կեանքի զարգացման ու բարգաւաճման եւ իր օրհնութիւնները շնորհեց հիւրընկալ Խաթուն Սարեանին եւ անոր որդիին՝ Ազգային բարերար դոկտ. Մայք Սարեանին:
Հուսկ, յանուն եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան եւ Տիկնանց Օժանդակ մարմինին, երախտագիտական յուշանուէր մը յանձնուեցաւ Խաթուն Սարեանին՝ առ ի գնահատանք անոր հիւրընկալութեան, եկեղեցանուէր ծառայութեան եւ Սարեան ընտանիքին՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի աշխատանքներուն բերած նպաստին համար, ապա առաջնորդը ներկաներուն փոխանցեց Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան իր հայրական բարեմաղթութիւնները: