Թուրքիոյ Իզմիր քաղաքի Պալչովա շրջանին մէջ բացուած է այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ատրպէյճանի համայնք»ի Թուրքիոյ գրասենեակը։
Բացման արարողութեան մասնակցած է Ատրպէյճանի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Ռեշատ Մեմետով։ Կը նշուի, որ համայնքին նպատակը «ներկայի Հայաստանի սահմաններուն մէջ գտնուող Արեւմտեան Ատրպէյճանէն բռնի աքսորուած թուրքերու իրաւունքները պաշտպանելն է»:
Իր ելոյթին ընթացքին դեսպան Մեմետով Հայաստանը անուանած է «թուրքերու պատմական հայրենիքը»՝ ընդգծելով. «Ինչպէս որ հայերը ունին Ղարաբաղի մէջ ապրելու իրաւունք, այնպէս ալ Ատրպէյճանի թուրքերը իրաւունք ունին ապրելու Արեւմտեան Ատրպէյճան»ի մէջ։
Այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ատրպէյճանի համայնք»ի Թուրքիոյ ներկայացուցիչ Ասիֆ Քուրպան ըսաւ հետեւեալը․ «Կ՛ուզենք վերադառնալ մեր տունը ոչ թէ զէնքով, այլ խաղաղութեամբ։ Այս ներկայացուցչութիւնը պիտի ըլլայ տեղեկատուական եւ իրազեկման կեդրոն՝ մեր ժողովուրդին համար»։