Սուրիոյ մէջ Զինուորական գործողութիւններու վարչութեան եւ «Թահրիր Շամ»ի ղեկավար Ահմետ Շարհ (Ապու Մուհամմատ Ճուլանի) յայտնեց, որ այն, ինչը Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցաւ, ամբողջ շրջանին համար վտանգաւոր եղող իրանեան ծրագիրին դէմ յաղթանակ է:
«Կրնայինք Սուրիոյ մէջ ռուսական ռազմակայանները հարուածել, սակայն նախընտրեցինք լաւ յարաբերութիւններ կառուցել: Կարելի չէ յեղափոխութեան մտայնութեամբ պետութիւն ղեկավարել, եւ մենք կարիքը ունինք օրէնքի ու հաստատութիւններու»: Այն, ինչը տեղի ունեցաւ, պատահական չէր, այլ տարիներով անոր պատրաստուեցանք: Ճակատամարտին մէջ կան բազմաթիւ քուլիսներ, զորս հետագային պիտի բացայայտենք», ըսաւ Շարհ՝ աւելցնելով՝ «Իսրայէլ մտադիր էր իրանեան ներկայութեան պատրուակով Սուրիա մուտք գործել, եւ այժմ անոր պատրուակը վերջ գտաւ»:
Շարհ, կոչ ըրաւ Իսրայէլին, որ դադրեցնէ Սուրիոյ վրայ յարձակումները:

«ՓՈԽԱՆՑՄԱՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹԸ ՊԷՏՔ Է ԸԼԼԱՅ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԵԱՄԲ». ՊԼԻՆՔԸՆ
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Յորդանան այցելելէ ետք այցելեց նաեւ Թուրքիա, ուր հանդիպում ունեցաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հետ` քննարկելու համար Սուրիոյ վերջին զարգացումները:
«Փոխանցման հոլովոյթը պէտք է ըլլայ սուրիական ղեկավարութեամբ եւ ներառէ բոլոր սուրիացիները», հանդիպումէն ետք յայտնեց Պլինքըն:
Նաեւ, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիա իր ուժերը եւ սուրիացի սպաներ հեռացուց հիւսիսային Սուրիոյ իր դիրքերէն, սակայն երկրին մէջ իր գլխաւոր երկու ռազմակայաններէն պիտի չհեռանայ: