Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով Թուրքիոյ օդային ուժերու հրամանատար Զիյա Ճեմալ Քատըօղլուի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ հանդիպումին ընթացքին յայտարարեց, որ «Հայաստանի վերազինումը ժխտական ազդեցութիւն ունի տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանման վրայ։
Ըստ Պաքուի պաշտօնական հաղորդագրութեան` Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ բարձրաստիճան զինուորականները կարեւոր նկատեցին «աշխարհի մէջ վերջերս տեղի ունեցող հակամարտութիւններու համատեղ վերլուծութիւնը եւ ուսումնասիրութիւնը եւ պատերազմի ժամանակակից մեթոտները»:
Վերջին տարիներուն, Երեւան ռազմական մատակարարումներու պայմանագիրներ կնքեց Ֆրանսայի եւ Հնդկաստանի հետ։
Առաջին անգամ չէ, որ Պաքու այս երեւոյթին ակնարկութիւն կը կատարէ եւ նոյնիսկ կը սպառնայ։ Արդարեւ, նախապէս ալ ատրպէյճանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ յայտնած էին, որ՝ «Հայաստան պէտք է հրաժարի ռազմականացման քաղաքականութենէն»՝ սպառնալով, որ «անոր պէտք է վերջ տրուի, քանի տակաւին ուշ չէ:
Հայաստան իր կարգին կը շեշտէ, որ «մարտունակ բանակ ունենալն իր ինքնիշխան իրաւունքն է»: