
Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ յայտնեց, որ Պաքուին կը մտահոգէ Հայաստանի տարածքին մէջ որեւէ երրորդ երկրի մը ուժին տեղակայումը՝ նշելով, թէ «փոխըմբռնման եւ խաղաղութեան պայմաններուն մէջ իրականացուող սահմանազատման գործընթացին մէջ երրորդ կողմի մասնակցութեան անհրաժեշտութիւն չենք տեսներ»:
«Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին Եւրոպական Միութեան որեւէ առաքելութիւն տեղակայելու անհրաժեշտութիւն չենք տեսներ: Այս առաքելութեան գործունէութիւնը պէտք է աւարտի», յայտարարեց ան՝ դիտել տալով, թէ «առաքելութիւնը պէտք է ըլլար կարճաժամկէտ, սակայն անիկա կը վերածուի մնայունի»:
«Անոր կազմը, ինչպէս նաեւ լիազօրութեան տարածքը կ՛ընդարձակուի», Հաճիեւ՝ շեշտելով, որ Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը տարածաշրջանին մէջ ոչ թէ խաղաղութեան ամրապնդման նպաստող, այլ մտահոգութիւններ յառաջացնող գործօն է:
Ան շեշտեց, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի խաղաղ բանակցութիւններուն ընթացքին միջնորդութեան կարիք չկայ:
«Պաքու եւ Երեւան խաղաղ բանակցութիւններ կը վարեն, եւ երրորդ կողմի մասնակցութեան կարիքը չկայ», ըսաւ Հաճիեւ՝ աւելցնելով, որ այլ երկիրներու միջամտութիւնը տարածաշրջանի գործերուն, ընդհակառակը, կը վնասէ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման:
Ասոր զուգահեռ, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար ՃԷյհուն Պայրամով լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրի նախագիծը կը ներառէ 17 կէտեր, որոնցմէ 15ը արդէն համաձայնեցուած է: Ան նշեց, որ երկու յօդուածներուն վրայ աշխատանքները կը շարունակուին:
Պայրամով դարձեալ կրկնեց Հայաստանի Սահմանադրութիւնը փոխելու պահանջը՝ յայտարարելով, որ անիկա տարածքային պահանջներ կը պարունակէ Ատրպէյճանի նկատմամբ:
«Այս հարցով Հայաստանէն վճռական քայլեր կ՛ակնկալենք: Այն փաստարկները, զորս մենք վերջերս կը լսենք Հայաստանէն, չեն բաւարարեր մեզ: Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի վերջերս ընդունած որոշումը սրած է հարցը, որովհետեւ ինքնին Հայաստանի Սահմանադրութեան նախաբանին մէջ յղում կը կատարուի փաստաթուղթին, զոր ընդունուած է Հայաստանի անկախացումէն ետք, եւ անիկա տարածքային պահանջներ կը պարունակէ Ատրպէյճանի նկատմամբ: Այդ որոշումւ աւելիով կը բարդացնէ իրավիճակը», յայտարարեց Պայրամով: