
Թուրքիոյ երթեւեկի հաղորդակցութեան եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Ապտուլքատիր Ուրալօղլու յայտարարեց, որ «Զանգեզուրի միջանցք»ը Թուրքիոյ համար անփոխարինելի նախագիծերէն է:
«Այդ միջանցքին իրականացումով ուղիղ կապ պիտի ապահովուի Ատրպէյճանի, թրքական պետութիւններուն եւ Հեռաւոր Արեւելքի հետ», ըսաւ Ուրալօղլու:
Հայաստանի իշխանութիւնները բազմաթիւ անգամներ պատրաստակամութիւն յայտնեցին ապաշրջափակելու բոլոր ճամբաները եւ հաղորդակցութեան ուղիները, սակայն անոնք ընդգծեցին, որ անոնք պէտք է ըլլան տուեալ երկրի գերիշխանութեան եւ իրաւասութեան տակ: