Լիբանանի վարչապետի գրասենեակը հաղորդեց, որ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի բանակի հրամանատար զօր. Ժոզէֆ Աունի եւ ապահովական մարմիններու ղեկավարներուն հետ հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին տեղեկութիւններ ստացաւ երկրին ապահովական կացութեան, մասնաւորաբար Սուրիոյ հետ սահմանի իրավիճակին մասին:
Միքաթի շեշտեց «Սահմանային կացութիւնը խստօրէն վերահսկողութեան տակ պահելու եւ Լիբանանը Սուրիոյ մէջ զարգացումներու հետեւանքներէն հեռու պահելու առաջնահերթութիւնը»:
Ան բոլոր լիբանանցիներուն կոչ ուղղեց` «իմաստութիւն ունենալու եւ հեռու մնալու զգացական զեղումներէ, մասնաւորաբար մեր հայրենիքի այս զգայուն պահուն»: