«Ձեզի Կը Հարցնեմ Տիկիններ Եւ Պարոններ» ձայնագիրքը առաջին արտադրութիւնն է «Երգիրք» խմբակցութեան, որ հիմնուած է տանելու այնպիսի աշխատանքներ, որոնք ստեղծագործօրէն կը լծորդեն երաժշտութիւնն ու գրականութիւնը եւ կը միտին թուային եւ ֆիզիքական հարթակներու վրայ շփուիլ ունկնդիրներու եւ հանդիսատեսներու հետ։
Այս ձայնագիրքը ծրագրուած է` իբրեւ «երաժշտական վէպ», որուն բնագիրին ուղեկցող երաժշտական կտորներուն մէկ մասը ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն ակնարկուած է հեղինակին կողմէ, մէկ մասն ալ պատումին ընդգրկած զանազան վայրերու, մշակոյթներու եւ ապրումներու հետ առնչութիւն ունեցող յօրինումներ եւ աւանդական երգեր/մեղեդիներ են, իսկ մէկ մասը իւրօրինակ ստեղծագործութիւններ են՝ պատումի զանազան բաժիններէն ներշնչանքով յօրինուած։ Այդ կտորները ձայնագիրքին համար վերամշակուած եւ ըստ այնմ արձանագրուած են:
Այս ձայնագիրքին գեղարուեստական գլխաւոր ղեկավարը Ալթուղ Եըլմազն է, երաժշտական ղեկավարը՝ Արի Հերկել, ընթերցողը՝ Եղիա Ագկիւն, իսկ երաժշտական հետազօտութիւնը եւ մշակումը կատարած են Արի Հերկել եւ Այշէնուր Քոլիվար։
Լեւոն Զաւէն Սիւրմէլեան 1945ին հրատարակուած անգլերէն ինքնակենսագրական նշեալ վէպին մէջ կը կեդրոնանայ 1913-1922 թուականներու իր ապրածներուն վրայ, յատկապէս 1915ին եւ յաջորդող եօթը տարիներուն: Պատումը կը սկսի Տրապիզոնէն եւ Պաթում, Թիֆլիս, Ռոստով, Նովորոսիսկ, Իզմիտ, Երեւան, Նոր Պայեզիտ, Դիլիջան, Վանաձոր, Պոլիս, Աթէնք, Նիւ Եորք հանգրուանելով կը հասնի Քենզըս։ Վէպը մանուկի մը ապրելու եւ գոյատեւելու պայքարին մասին է, իր իսկ բերանով պատմուած, եւ կը համարուի 1915ի վերաբերեալ վկայական գրականութեան ամէնէն վաղ եւ ուժեղ օրինակներէն մին․ անիկա կը դառնայ Ամերիկայի մէջ ամէնէն շատ վաճառուող գիրքերէն մէկը եւ մէկ տարուան մէջ կ՛արժանանայ հինգ տպագրութիւններու եւ կը թարգմանուի բազմաթիւ լեզուներու՝ արեւելահայերէն, յունարէն, ռուսերէն, իտալերէն, շուէտերէն, չեխերէն․․․։
Վէպը սոյն ձայնային գիրք ծրագիրին համար արեւմտահայերէնի թարգմանուած է Սարին Ագպաշի կողմէ։
Այս «երաժշտական վէպ»ը կրնաք ունկնդրել՝ այցելելով կայքէջը։
(Հաղորդագրութիւնը՝ «Երգիրք»էն)