
Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 20ի առաւօտեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան իր անդրանիկ այցելութիւնը տուաւ Ֆերահեան Ազգային երկրորդական վարժարանին եւ ջերմօրէն ընդունուեցաւ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեանի, վարժարանի Ուսումնական մարմինի ատենապետ Վահէ Պէնլեանի, տնօրէնուհի Սօսի Շանլեանի եւ աշակերտներուն կողմէ:


Այս առիթով գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը գործադրուեցաւ վարժարանին մարզասրահին մէջ, ուր բազմահարիւր աշակերտներ հանդէս եկան հայկական պարով, երգով եւ ասմունքով ու իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին առաջնորդ սրբազան հօր՝ իրենց կրթական օճախին տուած առաջին այցելութեան համար:
Գեղամ արքեպիսկոպոսը իր կարգին իր ողջոյնները փոխանցեց եւ իր ապրած ցնծութեան մասին արտայայտուեցաւ՝ զինք շրջապատող մեծաթիւ աշակերտներուն, ապա անոնց ուղղելով իր սրտի խօսքը՝ հայեցի նկարագիր եւ ինքնութիւնը ամուր պահելու կոչ հնչեցուց եւ հայօրէն ապրելու ու հայկականութեամբ հպարտանալու յորդորներով համեմեց իր խորհրդածութիւնը, որուն ընդմէջէն ան միաժամանակ գնահատեց վարժարանին մեծ ընտանիքին բոլոր անդամները՝ իբրեւ համայնքին եւ հայ ազգին գոյութիւնը իմաստաւորող առանցքային ներկայութիւն Էնսինոյի շրջանին մէջ:


Պաշտօնական բաժինէն ետք, առաջնորդը շրջագայեցաւ վարժարանին դասարանները եւ հաճելի զրոյցներ ունեցաւ աշակերտներուն հետ, որոնց փոխանցեց նաեւ իր հայրական բարեմաղթութիւնները եւ սրտագին օրհնութիւնները:
Հուսկ, սրբազան հայրը ճաշի հիւրը եղաւ եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան եւ վարժարանի տնօրէնութեան: