
Շաբաթներու քար լռութենէ ետք, 27 Նոյեմբերին Գլխաւոր դատախազութիւնը վերջապէս հաստատեց, որ տիեզերք բարձրացած հայկական առաջին արբանեակին վերաբերող քրէական վարոյթ մը կայ, կը տեղեկացնէ «Ազատութիւն»ը։
Իրաւապահները կասկածներ ունին, որ Armsat-1 ծրագիրին մէջ եղած են միլիոնաւոր տոլարներու առերեւոյթ չարաշահումներ, բայց անոնք չեն յայտներ, որ արդեօք հարցաքննա՞ծ են նախագահ Վահագն Խաչատրեանը, որ արբանեակի կառուցման ժամանակաշրջանին կը ղեկավարէր Բարձր արհեստագիտութեան արդիւնաբերութեան նախարարութիւնը: Արբանեակը տիեզերք բարձրացաւ անոր` այդ պաշտօնը ձգելէն երկու ամիսներ ետք: Վատնումներու մասին հրապարակումներուն մէջ շրջանառութեան մէջ դրուած է նաեւ նախագահին անունը:
«Արդէն իսկ սխալ կայ այս պատասխանում, արդէն իսկ ես տեսնում եմ խախտում տեղեկատուութեան ազատութեան օրէնսդրութեան: Եւ երկրորդ կարեւոր հանգամանքն այն է, որ շրջանառւում են բարձր պաշտօններ զբաղեցնող անձանց անուններ, եւ հետեւաբար` այստեղ հրապարակայնութիւնը եւ հաշուետուողականութիւնը պէտք է շատ աւելի բարձր մակարդակի վրայ լինի եւ ապահովի հանրութեան տեղեկութիւն ստանալու իրաւունքը», «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ «Ինֆորմացիայի ազատութեան կենտրոն» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Շուշան Դոյդոյեան:
Քրէական այս գործը կը քննէ Հակափտածութեան կոմիտէն: Դատախազութիւնը մանրամասնութիւններ չէ տուած այն մասին, թէ ի՞նչ յօդուածով յարուցուած է այս վարոյթը. կա՞ն մեղադրեալներ, քանի՞ հոգի են անոնք եւ որո՞նք հարցաքննուած են։ Այս բոլորին փոխարէն կոմիտէն յղում կատարած է «Տեղեկատուութեան ազատութեան մասին» օրէնքի այն դրոյթին, ըստ որուն` «տեղեկատուութեան ազատութիւնը սահմանափակւում է, եթէ այն պարունակում է պետական, ծառայողական, բանկային, առեւտրային գաղտնիք»:
Դոյդոյեան թերի կը նկատէ Դատախազութեան պատասխանը: «Որովհետեւ լիարժէք չի տրամադրում հիմքեր, թէ ո՞ր կոնկրետ (ճշգրիտ) գաղտնիքի հիմքով է մերժուած տեղեկութիւն ստանալու հարցումը: Ո՞ր յօդուածի հիման վրայ է նախաձեռնուել, եւ քանի՞ մեղադրեալ է ներգրաւուել` այստեղ որեւէ մերժման հիմք ես չեմ տեսնում», ըսաւ ան։
Յստակ չէ, որ արդեօք նախագահ Խաչատրեանի գործօնո՞վ պայմանաւորուած է այս գաղտնիութիւնը, նախագահական պալատէն եւս ոչ մէկ մեկնաբանութիւն կատարեցին, իսկ Բարձր արհեստագիտութեան արդիւնաբերութեան նախարարութենէն մինչեւ վերջերս հաստատեցին, թէ քրէական գործէն տեղեակ չեն:
«Որ մարմինն է յարուցել, եւ արդեօք դա վերաբերում է արբանեակի պարամետրերին (յարաչափերուն), թէ միլիարդաւոր դոլարների մսխումներին, ինչպէս նշուած էր յօդուածում կամ յօդուածներից մէկում, ես չեմ կարող որեւէ մեկնաբանութիւն տալ», յայտարարեց նախարար Մխիթար Հայրապետեան:
Այս նիւթին մասին խօսիլ չփափաքող նախարարը երկու շաբաթ առաջ ըսած էր, թէ արբանեակին տուեալները պետական գաղտնիք են, անհրաժեշտութեան պարագային թերեւս որոշ լուսանկարներ հրապարակեն, իսկ շաբաթ մը ետք ան «Էքս»ի իր էջին վրայ հրապարակեց արբանեակէն առնուած չորս ոչ-բարձր որակի լուսանկարներ:
«Գնահատական ես չէի տայ վատնումների վերաբերեալ, բայց կարող եմ ասել հետեւեալը, որ կայ պայմանագիր, կան պայմանագրի դրոյթներ եւ այդ դրոյթներից բխող պարտաւորութիւններ: Էս պահին մենք երկրային կայանը ունենք, էս պահին մենք կառավարման կենտրոնը ունենք, արբանեակը ուղեծրում է, եւ վերապատրաստում անցել են մեր մասնագէտները, եւ հիմա էլ արդէն կառավարումն է մեր ձեռքերում: Բայց շեղումներ եթէ եղել են, ու դա վատնում է եղել, թէ չէ, կարծում եմ` ոչ», «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ փոխնախարար Գէորգ Մանթաշեան:
Armsat -1-ը SpaceX ընկերութեան տիեզերանաւով Երկիր մոլորակի ուղեծիրը արձակուեցաւ Մայիս 2022ին Միացեալ Նահանգներու Քանավերըլ հրուանդանին մէջ գտնուող տիեզերակայանէն: Նախագիծը միասնաբար կ՛իրականացնեն հայկական պետական «Գէոկոսմոս» եւ սպանական «Սաթլանթիս» ընկերութիւնները:
«Օրինակ` կայ մարդոց խումբ մը, որ հետաքրքրուած է Սեւանայ լիճի եւ ցամաքամասային այլ ջուրերու որակով, այլ խումբ մը հետաքրքրուած է ճանապարհներու դիտարկումներով եւ այլն: Պէտք է այդ տուեալները ի շահ երկրին օգտագործուին: Այլապէս ըսել, թէ կը գնեն այդ տուեալները, սըրվըրին մէջ կը պահեն, այդպիսով բան չի փոխուիր», յայտարարած էր «Սաթլանթիս»ի գլխաւոր գործադիր տնօրէն Խուան Թոմաս Հերնա:
Մինչ Երեւան կը պնդէ, որ պայմանագիրի դրոյթները կատարած է, սպանական «Սաթլանթիս»ի գլխաւոր գործադիր տնօրէնը «Ազատութեան» հետ զրոյցի մը ընթացքին մտահոգութիւն յայտնեց, թէ արբանեակի հաւաքած հսկայական ծաւալի տուեալները նպատակային կերպով չեն օգտագործուիր:
«Վերջին անգամ, երբ մենք վերանայեցանք տուեալները, անոնց թիւը արդէն 5 միլիոն էր: Բայց այս տուեալները կը նմանին նարինջներու. դուք չէք կրնար նարինջներ պահեստաւորել` ակնկալելով, որ զանոնք կ՛օգտագործէք յաջորդ տարի կամ երկու տարի ետք: Անիկա արտադրանք մըն է, որ թարմ վիճակի մէջ պէտք է օգտագործուի: Ժամանակն է շօշափել տարբեր ոլորտներ, որոնց այդ տուեալները պէտք են, եւ ոչ թէ ըսել` «այո՛, տուեալ ունինք», ու շարունակել ոչինչ ընել», ընդգծեց Հերնա:
«Մենք պատկերները ստացել ենք, պատկերները վերլուծումը արդէն դա մեր նախարարութեան ու «Գէոկոսմոս»ի ներքին գործընթացների մասին է յուշում, ու իսպանական գործընկերները պարզապէս մեր գործընթացներին ներքին հասանելիութիւն չունեն ու չեն էլ կարող ունենալ: Հետեւաբար` էդ ձեւակերպման վերաբերեալ ես մի քիչ վերապահում կ՛ունենայի», հակադարձեց Մանթաշեան:
Հայկական կողմը չի յստակեցներ, թէ առաջին արբանեակին համար որքան գումար ծախսած է: Յայտնի է միայն, որ երկուքուկէս տարի առաջ կառավարութիւնը շուրջ 7 միլիոն տոլար յատկացուցած էր սպանական «Սաթլանթիս»ի հետ պայմանագիր կնքած հայկական «Գէոկոսմոս»ին: Յստակ չէ, թէ արդեօք այդ գումարը արբանեակին եւ անոր տիեզերք արձակման ամբողջ ծա՞խսը կազմած է:
Armsat -1ը 4 տարիով արձակուած է տիեզերք: Ըստ սպանացի մասնագէտին՝ առաջին հայկական արբանեակը այժմ իր գոյութեան վերջին փուլին մէջ է: