27 Նոյեմբերին, ներքին գործոց նախարար Արփինէ Սարգսեան ընդունեց Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար Վասիլիս Մարակոսը:
Սարգսեան բարձր գնահատեց երկկողմ արդիւնաւէտ գործակցութիւնը` զայն անուանելով ռազմավարական: Ան անդրադարձաւ գործակցութեան իբրեւ արդիւնք կեանքի կոչուած շարք մը նախագիծերու, որոնք ընդգրկած են թէ՛ նախարարութեան կազմութեան թէ ենթակայ ծառայութիւններու կատարելագործման վերաբերող աշխատանքներ:
Հայաստանի նկատմամբ Եւրոպական Միութեան շարունակական ու ամբողջական աջակցութեան պատրաստակամութիւնը՝ շեշտելով, որ Մարակոս եւս լուսարձակի տակ առաւ համագործակցութեան շնորհիւ կատարուած մեծածաւալ աշխատանքը եւ շեշտեց համագործակցութեան ընդլայնման կարելիութիւնը։
Հանդիպումին ընթացքին, անդրադարձ կատարուեցաւ ընթացիկ եւ նախատեսուող ծրագիրներու եւ գործակցութեան հաւանական ուղղութիւններու: Յատուկ կերպով շեշտը դրուեցաւ վիզաներու ազատականացման ուղղութեամբ իրականացուող քայլերուն վրայ: Նշեալ ուղղութեամբ ներքին գործոց նախարարութեան համակարգման կարեւոր դերը ընդգծելով` Սարգսեան անդրադարձաւ նախատեսուած ճանապարհային քարտէսին եւ թիրախային նախաձեռնութիւններուն: Կողմերը կարեւոր նկատեցին այս ուղղութեամբ երկկողմ միացեալ եւ կայուն ջանքերու ներդրումը: Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ ընդլայնելու համագործակցութիւնը ներքին գործոց նախարարութեան կառուցային բարեփոխումներուն ուղղութեամբ: