Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ «ՀԱՊԿի դռները բաց են Երեւանի համար»՝ աւելցնելով, որ Ռուսիա կ՛ակնկալէ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ծիրին մէջ Հայաստանի հետ ամբողջական գործընկերութեան վերականգնում:
«Բարեկամ երկրին եւ ընդհանրապէս տարածաշրջանի ապագայ ապահովութեան շահերէն մեկնելով՝ կ՛ակնկալենք, որ մեր գործընկերութիւնը Հայաստանի հետ ՀԱՊԿի ծիրին մէջ բոլորովին պիտի վերականգնի», յայտարարեց Զախարովա:
Ան նաեւ անդրադարձաւ Կապանի մէջ Ռուսիոյ գլխաւոր հիւպատոսութեան բացման՝ նշելով, որ, դժբախտաբար, այդ գծով իրավիճակը չէ փոխուած: «Հայկական կողմը համաձայնութիւն տուած է հիւպատոսութեան բացման վերաբերեալ, որմէ ետք ռուսական կողմը ճանաչագիր մը խնդրեց (երկրին կողմէ գլխաւոր հիւպատոսի ճանաչումը ընդունող), կը սպասենք պատասխանի», ըսաւ Զախարովա, որ նաեւ յայտարարեց, թէ հայկական կողմէ համապատասխան փաստաթուղթ չուղարկելու պատճառը ոչ թէ իրենց, այլ Երեւանին ուղղուած հարց է:
Կապանի մէջ գլխաւոր հիւպատոսութիւնը պիտի դառնայ Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ երկրորդ գլխաւոր հիւպատոսութիւնը. առաջինը կը գտնուի Գիւմրիի մէջ: