
Հայաստանի ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան պետ-ներքին գործոց փոխնախարար Արամ Յովհաննիսեան 26 Նոյեմբերին ընդունեց Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան Թմրամիջոցներու դէմ պայքարի եւ իրաւապահ համագործակցութեան գրասենեակի տնօրէն Զեքըրի Պարտըրի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Հայաստանի ներքին գործոց նախարարութենէն հաղորդեցին, որ Յովհաննիսեան շնորհակալութիւն յայտնեց ամերիկեան կողմին՝ նախարարութեան բարեփոխումներու գործընթացին նկատմամբ ցուցաբերուող շարունակական աջակցութեան համար:
Անդրադառնալով Ոստիկանութեան ոլորտի բարեփոխումներուն՝ Յովհաննիսեան մատնանշեց Համայնքային եւ քրէական ոստիկանութիւններու ձեւաւորումը եւ ստորաբաժանումներուն առջեւ դրուած խնդիրները:
Ան ներկայացուց Ոստիկանութեան ջոկատի ձեւաւորման ընթացիկ աշխատանքները, կառուցուածքի, գործառոյթներու եւ մարդուժի պատրաստութեան քաղաքականութեան մանրամասնութիւնները:
Ըստ նոյն աղբիւրին՝ բարձր գնահատելով ձեւաւորուած երկկողմ գործակցութիւնը՝ Պարտըր կարեւոր նկատեց անձնակազմին մասնագիտական կարողութիւններու զարգացման եւ այլ ուղղութիւններով գործակցութեան ընդլայնման կարելիութիւնները:
Քննարկուեցան փորձառութեան փոխանակման, ծառայողներու կրթական գործընթացի կազմակերպման, վերապատրաստութեան, ինչպէս նաեւ երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր:
Հանդիպումին աւարտին, կողմերը պատրաստակամութիւն յայտնեցին գործակցութիւնը ընդլայնելու: