Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 28 Նոյեմբերին, Ասթանայի մէջ տեղի ունենալիք Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան՝ ՀԱՊԿի, արտաքին գործոց նախարարներու, պաշտպանութեան նախարարներու եւ ապահովութեան խորհուրդի քարտուղարներու յանձնաժողովի միացեալ նիստին պիտի չմասնակցի:
«Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան:
Այս հաստատումը կատարեց նաեւ կազմակերպութեան մէջ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչը՝ շեշտելով, որ, թէեւ Հայաստան իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ ժողովին, սակայն դէմ չէ, որ նախատեսուող փաստաթուղթերը ընդունուին, յայտնեց «ՌԻԱ Նովոսթի»ն:
Յիշեցնենք, որ Հայաստան վերջին շրջանին պոյքոթի կ՛ենթարկէ ՀԱՊԿի ծիրին մէջ տեղի ունեցող նախաձեռնութիւնները։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Փետրուար 2024ին յայտարարած էր, որ Հայաստան գործնականօրէն սառեցուցած է մասնակցութիւնը ՀԱՊԿին՝ նշելով, որ կազմակերպութիւնը չէ կատարած Հայաստանի նկատմամբ իր պարտաւորութիւնները, ինչ որ առանց հետեւանքներու չի կրնար մնալ։