ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Կեանքի ընթացքին պատահող դժբախտութիւնները հաշուարկելը նպաստաւոր գործարք մը չէ: Անսպասելի դէպքեր՝ արկածներ, բնական աղէտներ եւ յատկապէս պատերազմական դրութիւններ կրնան մարդոց անհատական կեանքին վնաս հասցնել, զանոնք դարձնելով տարբեր աստիճաններու դժբախտներ:
Բժշկութեան բնագաւառին մէջ տեղի ունեցած յառաջդիմութիւնները, մասնագիտական բոլոր ոլորտներուն մէջ իրագործուած մեծ զարգացումները՝ իրենք, վերոյիշեալ մտահոգութիւններէն շատերը կը թեթեւցնեն, նոյնիսկ մխիթարական խօսքերու տեղատարափէն ազատելով զանազան հիւանդութիւններէ տառապող անձերը:
Ձեռքերու կամ ոտքերու գործող ջիղերէն զրկուած, կամ նոյնիսկ առանց անոնց գործօն ոյժին ծնունդ առած մարդիկ կան, որոնք ո՛չ մէկու օգնութեան կարիք ունին: Ձեռքեր չունեցողներու պարագային, իրենց ուսերուն վրայ ամրացուած մետաղեայ շարժուն գործիքներ, իսկ ոտք չունեցողներու պարագային՝ զիստերուն հագցուած երկաթեայ գործիքային ոտքեր, գործնապէս կ՛օժանդակեն զգայարանքներու բացակայութեան պատճառով դժբախտացած հաշմանդամներուն:
Համացանցային կայքեր շարժապատկերներով կը բացատրեն զգայարանազուրկ մարդոց առօրեան, նոյնիսկ ինքնաշարժ վարելու պահէն բացի, անոր մէջ նստելու եւ անկէ իջնելու անոնց իրականացուցած ձեւերը ներկայացնելով: Այսպէս, ինքնաշարժներուն տանիքը ամրացուած ճամբորդական ապրանքներու յատուկ տուփի մը մէջ անդամալոյծի աթոռ տեղադրուած կայ, եւ երբ անոտն վարորդը կանգնեցնէ ինքնաշարժը եւ բանայ իր դուռը, վերի տուփը բացուելով, յատուկ գործիքի մը օժանդակութեամբ վար կ՛իջեցնէ անիւաւոր աթոռը: Ենթական ինքնաշարժի աթոռէն կ՛անցնի անիւաւոր աթոռակին վրայ, կը փակէ ինքնաշարժին դուռը, եւ կ՛երթայ այնտեղ, ուր նպատակ ունէր այցելելու:
Դարձեալ, համացանցի եւ յատկապէս ընկերային կայքերու ժողովրդական էջերուն մէջ ներկայացուող նիւթերու շարքին տեսնուած են ձեռազուրկ մայրեր, որոնք իրենց նորածին զաւակը կերակրելու նորագոյն միջոցը որդեգրած են, յատուկ դասարաններու հետեւելով: Անոնք այնտեղ սորված են ոտքի մատներով կերակրել մանուկը…։ Մայրական խնամքին եւ հոգածութեան սահման կարելի չէ՛ դնել, կամ կարելի չէ արգիլել անոր անսահման սէրը իր ծնած երեխային նկատմամբ…։
Ներկայ համացանցային էջերուն վրայ շատ յաճախականութեամբ կարելի է հանդիպիլ իրենց կեանքին մասին պատմող մարդոց, որոնք երբեմն կը բաւարարուին անցեալէն մինչեւ ներկայ ժամանակներ, հերթաբար շարուած իրենց պատկերները տեղադրելով: Երջանկութիւնը շատերու համար հիմնական ընտրութիւն է, կեանքի աստիճանաւորում, որ սովորական երջանկութենէն սկսելով կը յառաջանայ դէպի բարձրագոյն երջանկութիւնը: Նման մտածողութեան տէր մարդիկ, իրենց անձին ապագայ մնայուն երջանկութիւնը ապահովելու համար, ուշադրութիւն կը դարձնեն միայն իրենց վրայ: Ուրիշներու մասին եւս մտածելն ու մանաւանդ գործելը դրական քայլ համարելով հանդերձ, անոնք նախապատուութիւն կու տան իրենց անձին:
Անդամալոյծներու եւ ընդհանրապէս մարմնապէս կարիքաւորներու պարագային «ինքնասիրութիւնը» բնական երեւոյթ է, երբ անձը արդէն կարողութիւն չունի ուրիշին օգնելու, եւ կը բաւարարուի գէթ իր անմիջական կարիքներուն հասնելով:
Վերը նշուած մարդոց հանդիպիլը մեծ դաս է իւրաքանչիւր գիտակից անձի համար, նախ՝ զգոյշ ըլլալու վտանգաւոր արարքներէ որոնք արկածներ կրնան յառաջացնել, եւ երկրորդ չմոռնալու, որ լաւ օրերուն կրնան յաջորդել գէշ օրեր…։ Ուրեմն, այս առումով գիտակցութեան գալը, հոգեկան արթնութեան կ՛առաջնորդէ մեզ: Բոլորս ալ կ՛ուզենք մեր կեանքը ապրիլ, իբրեւ աշխարհի վրայ մեր գոյութեան լաւագոյն ժամանակահատուածը: Ճիշդ եւ ընդունելի է մեր այս փափաքը, սակայն, որպէսզի զգանք ուրախալի օրերուն բախտաբեր ըլլալը, պէտք է զգացած ըլլանք նաեւ գէշ օրերուն տագնապալի ըլլալը. այսինքն եթէ անցած ենք դժբախտութիւններէ, ուրեմն շատ աւելի երջանկութեամբ կը վայելենք այդ տեսակ օրերուն յաջորդող լաւ ու բախտաբեր օրերը: Երանի՜ անոնց, որոնք նման բարելաւ կացութեան գիտակից՝ փառք կու տան Աստուծոյ, իրենց պարգեւած բարիքին համար:
Ճիգ ու ջանք մի՛ խնայեր եւ ժամանակ մի՛ կորսնցներ, երբ ուրիշներ չյարգեն քեզ, կամ չգնահատեն կարողութիւններդ: Անդամալոյծն ու մարմնապէս տկարը կը դժգոհի՞ շրջապատէն. բնականաբար ո՛չ, որովհետեւ գիտակից է իր կարողութիւններուն: Այդպիսի թերութիւն չունեցողը մեծամտութենէն կը տառապի, եւ ամենակարող կը կարծէ իր անձը…։
Ակնկալիք չունենալը, հոգեկան բաւարարութեան նպաստող միջոց մըն է: Հոգեկան ներքին խաղաղութիւն գտնելու ձեւերէն մէկն ալ, քեզի եղած ամէնէն փոքր գործերը կատարողներուն հանդէպ երախտապարտ ըլլալն է: Ասիկա ներքին խաղաղութիւնդ պահելու համար սքանչելի մտածում մըն է: Փորձէ՛:
Շրջապատը ճանչնալը եւ ընկերներ ընտրելը, մարդ էակին ամբողջ կեանքին համար ազդեցիկ քայլ մըն է: Իմաստութեամբ պէտք է նայիս շրջապատիդ եւ հետեւիս անմիջականօրէն մօտ թուացող անձերուն: Օգուտն ու վնասը ամէնէն մօտիկ անձերէն պէտք է սպասել: Անծանօթէ մը եկած վնասը կրնայ պատահական ըլլալ, ինչպէս յանկարծ քեզի հանդիպող գող մը, որ անակնկալ առիթը յարմար նկատելով, յարձակում կը գործէ վրադ, ու կը վնասէ: Սակայն ամէն օր միասին եղող, անհատական ու հաւաքական կեանքի անմիջական բաժնեկից դարձող անձը, շատ աւելի մօտէն ուսումնասիրած կ՛ըլլայ քեզ: Ուրեմն, լաւն ու վատը անմիջական շրջապատին մէջ կ՛ապրին, եւ իրենց նկարագրի հիման վրայ կը գործեն: Արթուն ու զգաստ ըլլալը առաջին քայլն է իմաստութեան:
Նկարագրային թերութիւն ունեցողը, եօթներորդ զգայարանքէն զուրկ անձն է: Վեց զգայարանքներուն գործը՝ առողջ եւ բնական էակ կը դարձնէ մարդը, սակայն, անոնցմէ մէկուն կամ միւսին թերի ըլլալը խեղանդամութեան կը հասցնէ զայն:
Երկու ձեռքերը արկածի մը բերումով կոտրուած եւ շուրջ երեք ամիսներ գաճի մէջ արձանացած վիճակով մարդու մը բնական պէտքերուն ժամանակ կ՛օժանդակէին ընտանիքի անդամները, մանաւանդ երբ մաքրութեան պահը հասնէր գործարքի աւարտին: Պատիւէ զուրկ ըլլալու զգացողութիւնը անիմաստ է նման դժուարին պահերուն, երբ մարդ մարմնական կարիքի մէջ կը յայտնուի: Պատիւը շատ աւելի բարձր մակարդակի պայմաններ ունի, որոնց գլխաւորը իմացականն է, եւ ո՛չ թէ մարմնականը: Ձեռքերն ու ոտքերը կարելի չէ՛ առաջնահերթութիւն համարել, երբ անոնցմէ զուրկ անձեր, իրենց մտային կարողութիւններով շատ աւելի երկար ճանապարհ անցած են, քան ոտքերով քալած կամ վազած անձնաւորութիւնները…։
Յարգանքն ու հաւատարմութիւնը ներկայ ժամանակներուն շատ քիչ գտանելի սովորոյթներ են: Թատերական կեղծիքը, սուտ հաւատարմութիւնը եւ պարտադիր յարգանքը, երբեմն ամբողջ կեանք մը թատերաբեմին վրայ աջ ու ձախ վազող դերասաններու արարքներով կ՛իրագործուի: Զգայարանքէ զուրկ ըլլալը աւելի բախտաւորութիւն է, քան ձեռքերով ու ոտքերով անպատիւ ըլլալը…։