21 Նոյեմբերին Պոլսոյ Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցին մէջ վախճանեցաւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ աւագագոյն հայրերէն մէկը` Գարեգին արքեպիսկոպոս Պէքճեանը:
Գարեգին սրբազանը 1992էն 2018 եղած է Գերմանիոյ առաջին` նորահաստատ թեմի առաջնորդը:
Պոլսոյ Սահակ Բ. պատրիարքը գոյժը յայտնեց Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին: Այս մասին կը գրէ եւրոպայաի հայերու «Օրեր» թերթը:
Սրբազան հօր մարմինը արդէն փոխադրուած է Պոլսոյ Ս. Աստուածածին աթոռանիստ Մայր եկեղեցի:
Գարեգին արք. Պէքճեան ծնած է 1942ին, Պոլիս։ Նախնական իր կրթութիւնը ստացած է Պոլսոյ Մխիթարեան վարժարանին, ապա Սկիւտարի Ս. Խաչ դպրեվանքին մէջ:
Բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է Պոլսոյ համալսարանին մէջ, ապա մեկնած Գերմանիա եւ ուսանած թ Պոննի եւ Պոխումի համալսարաններուն մէջ:
Ան կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած էր 1965ին: Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին ձեռամբ 1992ին ստացած է եպիսկոպոսի, իսկ Գարեգին Ա. կաթողիկոսի ձեռամբ 1998ին՝ արքեպիսկոպոսի աստիճան: